Գանձասար. Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ այսօր վաղ առաւօտեան Իսկէնտէրունի եւ յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցած երկու յաջորդական երկրաշարժներ ցնցեցին Սուրիոյ բոլոր նահանգները։ Ամէնէն ուժեղ ցնցումները տեղի ունեցած են Իտլիպ, Հալէպ եւ Լաթաքիա։
Երկրաշարժի առաջին ցնցումը 7,7 ռիխթըր ուժգնութեամբ էր, Իսկէնտէրունի հիւսիսային շրջանը, երկրորդը՝ 6,4, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին։ Յաջորդական երկու Երկրաշարժները տեւեցին աւելի քան 2 վայրկեան։
Նախարարութեան տուեալներով երեք նահանգներուն մէջ մինչեւ այս ժամը արձանագրուած է 50 զոհ, 200 վիրաւոր։
Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան։
Կարգ մը շէնքեր փուլ եկած են։ Փրկարար աշխատանքները կը շարունակուին։
Կարդացեք նաև
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։