Vatican News. Ձայնագրուած անտիպ տեսերիզ մը, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ կ՝ուղղէ «Լսողական աշխատանոց» նախաձեռնութեան մասնակցող պատանիներուն։ Մի մոռնաք ձեր տատիկներուն, պապիկներուն մասին, անոնք մեզի շատ բաներ կը սորվեցնեն։
«Սիրելի՛ տղաներ եւ աղջիկները, կեանքի ամենէն կարեւոր բաներէն մէկը՝ լսելն է, լսել սորվիլ։ Երբ անձ մը ձեր հետ կը խօսի, սպասեցէք որպէսզի ան աւարտէ իր խօսքը, որպէսզի լաւ հասկնաք անոր, իսկ յետոյ, եթէ կը զգաք՝ բան մը ըսէք։ Բայց ամենակարեւորը լսելն է»։
Տեսերիզը անցեալ 8 յունուարին, Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ հիւրի մը կողմէ բջիջային հեռաձայնով նկարահանուած է։
Վազգէն Աբարդեան
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: