ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋՅԱՐԱՆՈՒԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ
«Գանձասար». Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւններուն մեկնարկը կատարուեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հալէպի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Պիտի Յիշենք Եւ Պահանջենք» խորագիրը կրող միջյարանուական յուշահանդէսով, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան։
Յուշահանդէսին հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին՝ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսը, Հիւպատոսութեան խորհրդականը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցներ, առաքինազարդ քոյրեր եւ հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ հալէպահայերու ստուար զանգուած մը։
Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ «Գարուն Ա» եւ «Հով Առէք» երաժշտութեամբ, կատարողութեամբ Ռուզան Պարսումեանի (դաշնամուր) եւ Աննա Սաղպպազարեանի (ջութակ)։
Յուշահանդէսի առաջին պատգամը ուղղեց Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր․ Դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան։ Վերապատուելին շեշտեց, որ արդարութեան հասնելու համար համբերատար պէտք է ըլլալ ու նպատակասլաց գործել, իսկ յիշողութիւնը պէտք չէ ծրարուի ու դառնայ սովորական աքտ, այլ դառնայ այժմէական օրակարգ։ Վերապատուելին կարեւորութեամբ շեշտեց արդարութեան հասնելու համար համահայկական ռազմավարութիւն մշակելու եւ Սփիւռքի տարբեր տարածքներու վրայ մեր ներկայութիւնը թէ՛ որպէս հայեր եւ թէ՛ որպէս տուեալ երկրի քաղաքացիներ արժանավայել ներգործութեամբ իմաստաւորելու մարտահրաւէրները։
Կարդացեք նաև
Այս առիթով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Սպենդիրեանի անուան օփերայի եւ թատրոնի մենակատար, հալէպահայ բժիշկ Պօղոս Պէազպէկեան մեկնաբանելով Դաւիթ Բեկ օփերայէն «Գուսանի Երգը», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։
Այնուհետեւ «Դարերու Վրէժ» խորագրով բեմական համադրում մը ներկայացուցին Հոգշ․ Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան եւ Նուարդ Ներսէսեան-Տիրարեան, ընթացքին ներկայացուեցաւ «Կռունկ» պարը կատարողութեամբ Լիլիթ Նալպանտեանի եւ Ալիսա Լախոյեանի։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Արք․ Աշգարեան իր ուղղած պատգամին մէջ Պօղոս Առաքեալին խօսքը մէջբերելով յորդորեց չյուսահատիլ, չտկարանալ, ալ վստահիլ Աստուծոյ ու մեր աշխատանքին, որովհետեւ ազգեր կան, որոնք աւելի քան չորսհարիւր տարի սպասած ու պայքարած են արդարութեան հասնելու եւ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու համար։ Ապա ըսաւ, որ եթէ կը հաւատանք մեր արդար դատին եւ եթէ իսկապէս ժառանգորդներն ենք անցեալի մեր սրբազան նահատակներուն, մեզմէ իւրանքանչիւրը կոչում մը ունի, պարտականութիւն մը ունի, պարտաւորութիւն մը ունի արեան կանչին դիմաց։
Ելոյթ ունեցաւ «Ալեմշահ» երգչախումբը մեկնաբանելով հոգեւոր եւ ազգային երգերու շարան մը, խմբավարութեան Մարգրիտ Խաչատրեան-Պանտաքի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Հուրի Ստեփանեան-Գահուէճեանի եւ Ռուզան Պարսումեանի։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան։
Ան շեշտելով Հռոմի նորօք վախճանեալ սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին հայասէր ըլլալու հանգամանքը, դիտել տուաւ, որ տասը տարի առաջ, քահանայապետը Վատիկանի Ս․ Պետրոս մայր տաճարին մէջ Ս․ Գրիգոր Նարեկացին տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու արարողութեան ընթացքին, օտար հիւրերու եւ մեր կաթողիկոսներու ներկայութեան վերյիշեց Հայ ժողովուրդի ապրած տառապանքը 1915-ին եւ յստակօրէն ըսաւ, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր։ Այսպիսով եղաւ առաջին քահանայապետը որ Վատիկանի մէջ պաշտօնապէս օգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։
Գերապայծառը այնուհետեւ շեշտեց, որ մենք կը շարունակենք յիշել եւ արդարութիւնը պահանջել։
Յուշահանդէսը փակուեցաւ հոգեւոր պետերու միասնական աղօթքով։