ՀՅԴ Հունաստանի Հայ Դատի հանձնախմբի կոչը հունահայությանը եւ համայն հայությանը.
«Ապառաժ». Ապրիլ 24-ի նախօրեակին ենք, երբ աշխարհասփիւռ հայութեան հետ, որպէս Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներ՝ կը նշենք հայ ազգին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ Մեր ազգին դէմ 110 տարիներ առաջ սկիզբ առած Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, իր սարսափելի երեսը դարձեալ ցոյց տալով, փանթուրքիստական նկրտումներով։
Երբեք կարելի չէ մոռնալ, թէ 110 տարիներ առաջ մեր ազգին դէմ գործուած ահաւոր ոճի րը, ինչպէս եւ Փոքր Ասիոյ այլ քրիստոնեայ՝ յոյն եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ գործուած ցեղային ոճիրները, Թուրքիոյ պետական մեքենայի յղացած ու գործադրած ծրագիրն էր, որու շարունակութիւնը կը կազմէ պետական մակարդակով ոճիրը ուրանալու քաղաքականութիւնը։ Նոյնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, իր նոր ու սպառնացող երեսներով։
Փանթուրքիզմի նոր առաջնորդները՝ հակահայկական իրենց քարոզներով եւ ցեղապաշտական մօտեցումներով, կը շարունակեն վտանգել մեր ազգի ու հայրենիքի լինելիութիւնը, հետզհետէ աւելի անտարբեր, խուլ ու համր դարձող միջազգային հանրութեան մը առջեւ։ Թուրքիոյ նպատակներուն միացած է Ատրպէյճանը, որու շարունակական սադրանքները մեր հայրենիքին դէմ՝ փանթուրքիզմի նոր նիզակակիրը կը հանդիսանան։ Ատրպէյճան մեղաւոր է Արցախի ժողովուրդին դէմ էթնիկ զտումի իրագործման համար, մեղաւոր է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ գրաւումներով եւ իր ռազմական ուժերուն կողմէ շարունակական սպառնալիքներով։ Բացայայտ իրողութիւն է, թէ Անգարա-Պաքու զինակցութիւնը հայութեան դէմ ցեղասպանական գործողութիւնները իրենց աւարտին հասցնելու նպատակը կը հետապնդեն, օրէ օր աւելի կազմակերպուած ու վտանգաւոր։
110 տարի Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, հայրենի եւ սփիւռքի ժողովուրդը պարտի ոտքի մնալ, աչալուրջ ու պատրաստակամ։ Մանաւանդ գիտակցելով, թէ մեր պատմութիւնը, մեր ազգին հիմքը կազմած իրադարձութիւնները, մեր ազգային արժէքները, շարունակական հարուածներու կ’ենթարկուին, նոյնիսկ ներքին հարուածներ ստանալով։
Սակայն մեզի համար պարզ է, քանի որ մեր պատմութեան ծանր դասերը քաղած ըլլալով, լաւապէս կը գիտակցինք, թէ միայն պահանջատէր եւ իրաւատէր հայութեան ուժն է, որ կրնայ կանխարգիլել մեր ազգին դէմ սպառնալիքները ու ցեղասպանական նոր ոճիրները։ Արցախի կորուստին, հազարաւոր հայ նահատակներու եւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանման իրավիճակները դիմագրաւած ըլլալով, այժմ պահն է, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միախումբ ու վճռական կեցուածք ցուցաբերէ, պաշտպանելով իր ազգային արժէքները, վերակերտելով իր ազգային արժանապատուութիւնը, պահպանելով մեր ժողովուրդի նոր սերունդներու իրաւունքները։
Սիրելի հայրենակիցներ,
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ’ուղղէ իւրաքանչիւր պահանջատէր հայու՝ մասնակցելու, վերանորոգելու պահանջատիրութեան ուխտը եւ անգամ մը եւս յարգանքի տուրք մատուցելու մեր ազգի անմեղ նահատակներու յիշատակին։
Թող մեր բոլորին համախմբման վայրը դառնան 110-ամեակի ծիրէն ներս կազմակերպուող բոլոր միջոցառումները։ Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ին Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Քսանթիի մէջ քաղաքական ձեռնարկները, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլին Գոհաբանական աղօթքները եւ Բողոքի ցոյցերը Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ինչպէս նաեւ Ռոտոսի եւ Քալամաթայի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկները։
Խուռներամ մասնակցինք բոլորս ձեռնարկներուն, վերահաստատելու համար որ մեր Դատը անժամանցելի է, իսկ մեր պայքարի ոգին՝ անկոտրում»։