Մահուան հաստատումին և մարմինը դագաղին մէջ դնելու ծէսը։ Պատարագներ եւ աղօթքներ։ Երանելի Քարլօ Աքութիսին սրբադասման արարողութիւնը առկախուած։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մարմինի փոխադրումը Վատիկան «տաճար՝ հաւատացեալներուն յարգանքը վայլելու համար, կրնայ կատարուիլ Չորեքշաբթի առաւօտեան, 23 Ապրիլ 2025-ին, Կարդինալներու առաջին միաբանական ժողովէն դուրս եկած մեթոտներու համաձայն որոնք կը սահմանուին եւ կը հաղորդուին վաղը»։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը մինչ Վատիկանը ու Սուրբ Աթոռի յայտարարեցին «թափուր աթոռը» որով Քահանայապետին տրուած իշխանութիւնը կ՜անցնի Կարդինալական Դասին։
Մահուան հաստատումին և մարմինը դագաղին մէջ դնելու ծէսը
Կարդացեք նաև
Իսկ Քահանայապետական ծիսակատարութիւններու գրասենեակի կողմէն հրատարակուած հաղորդագրութեամբ կը նշուի որ, «Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսի մահուան յայտարարութենէն ետքը, այնպէս ինչպէս նախատեսուած է Քահանայապետական յուղարկաւորութեան Ordo Exsequiarum Romani Pontificis (թիւ. 21-40) կանոնադրութեան մէջ, այս երեկոյ, 21 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ութին, Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելը պիտի նախագահէ մահուան հաստատումին և մարմինը դագաղին մէջ դնելու ծէսը:
Առ այդ, հրաւիրուած են ծիսակատարութեան մաս կազմելու` Կարդինալական դասի աւագերէցը, Հռոմի Պապի պապական տան ընտանիքը, Վատիկանի նահանգի Առողջապահութեան տնօրինութեան տնօրէնն ու փոխ տնօրէնը, որոնք երեկոյեան ժամը 7.45-ին ներկայ կը գտնուին Domus Sanctæ Marthæ մատրան մէջ։
Պատարագներ եւ աղօթքներ
Այսօր` 21 ապրիլի երեկոյեան ժամը 19,30 Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած է Քահանայապետի հոգւոյն հանգստեան դիտաւորութեան Սուրբ Վարդարանի աղօթք զոր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի աւագերէց Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին։
Ժամը եօթին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ նուիրուած Քահանայապետին զոր պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ բոլոր կղերական դասը ու հաւատացեալներ։
Ապա երեկեան ժամը ինին Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, ուր Սրբազան Պապը փափաք յայտնած է որ թաղուի, կը կատարուի Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։
Երանելի Քարլօ Աքութիսին սրբադասման արարողութիւնը առկախուած
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 21 ապրիլին յայտարարեց նաեւ` թէ ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին վախճանման, Երանելի Քարլօ Աքութիսին յառաջիկայ կիրակի, 27 ապրիլ 2025ին նախատեսուած սրբադասման արարողութիւնը, որ պիտի կատարուէր Պատանիներու Յոբելեանին շրջագիծէն ներս, Աստուածային Ողորմութեան նուիրուած Սուրբ Զատկուայ Բ Կիրակի օրը, առկախուած է։
Vatican News