2025-ի Զատկական «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամի մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց. «Ոչ մէկ Խաղաղութիւն հնարաւոր է այնտեղ, ուր չկայ կրօնական ազատութիւն… Ոչ մէկ խաղաղութիւն հնարաւոր է առանց իրական զինաթափման»… ակնարկելով ապա Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մը կարելիութեան հրաւիրեց աղօթել «որպէսզի շուտով ստորագրուի և կեանքի կոչուի Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրը»:
«Այս Յոբելենական տարուան առիթով Սուրբ Զատիկը թող ըլլայ պատեհ առիթ ազատ արձակելու բանտարկեալները` ըլլան ռազմագերիներ կամ քաղաքական բանտարկեալներ»։ Խօսքեր են ասոնք` որոնք պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարուայ` 2025-ի Ուրպի էթ Օրպի պատգամին մէջ, որուն սկիզբը Ան հաստատեց, որ «Յիսուսին Յարութիւնը մեր յոյսին հիմքն է»։
Ուրպի էթ Օրպի պատգամը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն
Ըստ սովորութեան, պատգամը Հռոմ Քաղաքին ու Համայն աշխարհին ուղղուեցաւ Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ, որ հակառակ որ տակաւին ապաքինման էջ է, ուզեց Սուրբ Զատկուայ այս տօնին առթիւ ներկայ գտնուիլ ու իր օրհնութիւնը շնորհել բազմահազար հաւատացեալներուն։
Կարդացեք նաև
Արդարեւ Ան բոլորին մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններուն գրասենեակի պատասխանատու` Գերապ. Տիեկօ Ռավելլիէն խնդրեց` որ ընթերցէ Ուրպի էթ Օրպի պատգամը։
Յիսուս, Խաչեալը, «այստեղ չէ, յարութիւն առաւ»
Քահանայապետը պատգամը սկսաւ բոլորին մաղթելով «շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» ու հաստատելով որ,«Երուսաղէմի դատարկ գերեզմանէն մինչեւ մեզի կը հասնի չլսուած աւետիսը` Յիսուս, Խաչեալը, «այստեղ չէ, յարութիւն առաւ» (Ղուկ 24,6)։ Սէրը յաղթեց ատելութեան, լոյսը յաղթեց խաւարին, ճշմարտութիւնը յաղթեց սուտին, ներումը վրէժխնդրութեան…»։
Յարութեան տօնը կեանքի տօն
«Այս արարքը արդարեւ իմաստ կու տայ մեր գոյութեան ու մեզ կը կոչէ դառնալու յոյսի ուխտաւորներ, սիրոյ ու կեանքին վկաները», ընդգծեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ Զատիկը պատասխանն է նաեւ մարդկային տառապանքին ու թէ տառապողներուն արցունքները մոռցուած չեն։
Բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք
«Յարութեան տօնը կեանքի տօնն է։ Աստուած մեզ ստեղծեց կեանքին համար եւ կ՛ուզէ` որ մեր մարդկութիւնը յարութիւն առնէ։ Անոր աչքերուն համար իւրաքանչիւր կեանք թանկարժէք է` նորածինէն մինչեւ տարեցը, հիւանդէն մինչեւ անտեսուածը» նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ապա ակնարկեց աշխարհը յուզող հակամարտութիւններուն ու բռնութիւններուն, որոնց առաջին զոհերն են դիւրաբեկները, որոնք յաճախ ալ արհամարհուած են, ու նշեց թէ այս օրուան առիթով ինք կը փափաքի որ բոլորս վերադառնանք յոյսին` միւսներուն վրայ վստահելու, նաեւ անոր վրայ որ մեզի մօտիկ չէ կամ կու գայ հեռաւոր երկրէն…որովհետեւ «բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք»։
Յոյս ունենանք` որ խաղաղութիւնը կարելի է
«Ես կը փափաքէի որ դարձեալ յոյս ունենանք` որ խաղաղութիւնը կարելի է» շեշտեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ այն իրողութեան որ այս տարի Սուրբ Յարութեան տօնը կը յիշատակուի նոյն օրը` ըլլայ կաթողիկէներու ըլլայ օրթոտոքսներու կողմէ, որուն առիթով մաղթեց` որ «խաղաղութեան լոյսը տարածուի Սուրբ Երկրի ու համայն աշխարհին վրայ»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում