Ապրիլ 17-ին, Պրիթիշ Գոլումպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի եւ նախարար Ատրիան Տիքսի հրաւէրով եւ համագործակցութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Շրջանին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը՝ Պրիթիշ Գոլումպիայի Խորհրդարանէն ներս։
Նախարար Ատրիան Տիքս ողջոյնի խօսք ուղղեց Հայ Դատի Յանձնախումբի, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, որմէ ետք խորհրդարանի շէնքին առջեւ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի բարձրացման արարողութիւնը։ ԳԵՄի անդամները բարձրացուցած էին Արցախի հանրապետութեան դրօշներ եւ Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի կալանքի տակ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու լուսանկարներ՝ ի նշան բողոքի հայութեան դէմ գործադրուող նոր ցեղասպանութեան, որ կ՚իրագործուի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։
Ոգեկոչման արարողութիւնը շարունակուեցաւ խորհրդարանի «Պատուոյ Սրահ»ին մէջ, ուր ելոյթ ունեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպին, որ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին դատապարտելու անցեալի եւ ներկայի բոլոր ցեղասպանութիւնները։ Անոր միացան Կանաչ Կուսակցութեան պատգամաւոր Ճերեմի Վալերիոթէն եւ Պահպանողական ներկայացուցիչ Սթիւ Գունըրը, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին:
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» թերթի այս համարում