Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գրիգորեան Պապական համալսարանը պատասխանատուութիւն ունի երաշխաւորելու, որ իր հարթակները չօգտագործուին պատմութեան վերախմբագրումի համար. բողոքի նամակ

Ապրիլ 17,2025 12:44

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

«Ապառաժ». Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան բողոքի նամակը՝ ուղղուած
Պապական Գրիգորեան Համալսարանին, Գերապայծառ Կարտինալ Խոսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսա – Խորհուրդի Նախագահին, Հայր Մարք Ա. Լուիս, Ս.Ճ. – Համալասարանի նախագահին, ի պատասխան Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորած «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» միջազգային գիտաժողովին:

«Արժանապատիւ գերապայծառներ,

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, աշխարհատարած իր կառոյցով, շրջաններով եւ հաստատութիւններով, իր խոր մտահոգութիւնը եւ բարոյական վրդովմունքը կը յայտնէ «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրուած միջազգային գիտաժողովին գծով, որ գումարուեցաւ 10 Ապրիլ 2025-ին, Հռոմի Սուրբ Աթոռի Գրիգորեան պապական համալսարանին մէջ։

Իբրեւ կաթողիկէ հաստատութիւն մը, որ ծանօթ է ճշմարտութեան, արդարութեան եւ գիտական նուիրուածութեան սկզբունքներով, սուրբ Աթոռի Գրիգորեան Պապական Համալսարանը ունի առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն՝ երաշխաւորելու, որ իր ակադեմական հարթակները չօգտագործուին պատմութեան վերախմբագրումի, մշակութային ջնջումի կամ պետական հովանաւորութեամբ քարոզչութիւն կատարելու նպատակին ծառայելու համար։ Դժբախտաբար, վերոյիշեալ գիտաժողովը, կազմակերպուած՝ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, այս արժէքները խաթարեց։

Նշեալ ձեռնարկը յառաջ մղեց խորապէս վիճելի եւ ակադեմականօրէն մերժուած վարկած մը, որ կը փորձէ իւրացնել հայ քրիստոնէական ժառանգութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) տարածքին՝ «Կովկասեան Ալպանիոյ» շարունակականութեան պատրանքով։ Այսպիսի պնդումները կ’օգտագործուին արդարացնելու հայկական մշակութային, կրօնական եւ պատմական ներկայութեան համակարգուած ջնջումը այդ շրջանին մէջ, ներկայութիւն մը, որ վաւերագրուած է հազարաւոր եկեղեցիներու, վանքերու, խաչքարերու, ձեռագրերու եւ արձանագրութիւններու ընդմէջէն։

Ասիկա սոսկ ակադեմական բանավէճ մը չէ։ Հայկական ժառանգութեան խեղաթիւրումը կը ծառայէ իբրեւ պատրուակ՝ արդարացնելու ցեղային զտման եւ մշակութային ոչնչացման ցեղասպանական քաղաքականութիւնները։ 2020-էն մինչեւ 2023 թուական, 150.000-է աւելի բնիկ քրիստոնեայ հայեր բռնի ուժով արմատախիլ եղան իրենց պապենական հողերէն՝ Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղէն)՝ փաստօրէն ջնջելով հազարամեակներու վրայ երկարող շարունակական եւ խորունկ արմատներ ունեցող ներկայութիւն մը։

Հայ գիտնականներու բացակայութիւնը այս գիտաժողովէն աւելիով կը խորացնէ անարդարութիւնը՝ խախտելով ակադեմական բազմակարծութեան, գիտական արդարութեան եւ ներառականութեան սկզբունքները։ Այս քայլը կը լռեցնէ այն ձայները, որոնք ապրած, պահպանած եւ ժառանգած են այս մշակութային արժէքները՝ հետեւաբար վնասելով որեւէ երկխօսութեան վստահելիութեան, որ կը ձգտի քննարկել այդ շրջանի պատմական եւ կրօնական իրականութիւնները։

Միջազգային իրաւական ու մարդու իրաւունքներու շրջանակները կը հաստատեն բոլոր ժողովուրդներու իրաւունքը՝ մասնակցելու եւ պահպանելու իրենց մշակութային ժառանգութիւնը։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պաշտպանութեան» Համաձայնագիրը (1972), Լա Հէյի «Զինեալ հակամարտութիւններու ժամանակ մշակութային գոյքի պաշտպանութեան» Համաձայնագիրը (1954), եւ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրի 15-րդ յօդուածը, բոլորը երաշխաւորած են համայնքներու մշակութային արտայայտութիւններու պաշտպանութիւնը, մանաւանդ յետ հակամարտութիւններու իրավիճակներու պարագային։ Հայկական ժառանգութեան աւերումը Նախիջեւանի մէջ, ուր հազարաւոր խաչքարեր պուլտոզըրներու միջոցով ոչնչացուեցան, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ վերջերս արձանագրուած յուշարձաններու ջնջումը, լայնօրէն դատապարտուած են ակադեմականներու եւ միջազգային հսկող մարմիններու կողմէ։

Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք, որ համալսարանը, թերեւս ակամայ, իր վայրը տրամադրած է իբրեւ հարթակ՝ պետական վարկածի մը, որուն նպատակն է շփոթի մատնել շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Այս քայլը կտրուկ հակասութեան մէջ է Սուրբ Աթոռի արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջկրօնական փոխըմբռնման, պատմական ճշմարտութեան եւ ճնշուած ժողովուրդներուն արդարութեան հանդէպ երկարամեայ յանձնառութեան։

Մենք յարգալից կերպով կոչ կ’ուղղենք Սուրբ աթոռի Գրիգորեան հոգեւոր համալսարանին՝

1.Հրպարակել հանրային պարզաբանում եւ ներողութիւն՝ այս գիտաժողովը հիւրընկալելու համար, որուն միջոցով Ազրպէյճանի պետութեան կարելիութիւն տրուեցաւ իր պատմութիւնը վերախմբագրելու առաքելութիւնը շարունակելու։

2.Դատապարտել որեւէ փորձ՝ խեղաթիւրելու կամ իւրացնելու հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը՝ իբրեւ պետականօրէն հովանաւորուող մշակութային քաղաքականութեան մաս։

3.Հեռու մնալ ապագայ համագործակցութիւններէն՝ այն պետութիւններուն կամ պետական կառոյցներուն հետ, որոնք ներգրաւուած են ժխտողականութեան, վերաքննութեան, կամ բնիկ ժողովուրդներու մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ջնջման մէջ։

4.Կազմակերպել սիմփոզիում կամ ակադեմական քննարկում՝ միջազգային մասնագէտներու եւ հայ ակադեմականներու համագործակցութեամբ, քննարկելու շրջանի իրական պատմութիւնը եւ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը։ Այսպիսի հաւաք մը նպատակ չունի վերստին հաստատելու արդէն փաստագրուած պատմական ճշմարտութիւնները, այլ ուղղուած է վերականգնելու ակադեմական հաւասարակշռութիւնը, որ ստեղծուած է ազդակիր ձայներու բացառման պատճառով, եւ վերահաստատելու գիտական ուղղամտութեան եւ պատմական արդարութեան սկզբունքները։

Ասիկա խորհելու, պատասխանատուութեան եւ բարոյական յստակութեան պահ մըն է։ Ակադեմական հաստատութիւնները պէտք է զգօն մնան՝ գիտելիքի գործիքաւորման դէմ, եւ աշխատին բարձրաձայնելու եւ ոչ թէ լռեցնելու այն ձայները, որոնք ամէնէն շատ տուժած են։ Մենք վստահ ենք, որ Սուրբ աթոռի Գրիգորեան հոգեւոր համալսարանը պիտի մնայ իր սկզբունքներուն հաւատարիմ եւ նպաստէ անցեալին հետ աւելի ճշմարտացի եւ արդար հաշուեյարդարի մը»։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930