Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հալէպի քաղաքական հարցերու վարչութեան պետը կարեւոր համարեց փտածութեան դէմ պայքարը, որպէսզի պետութիւնը առողջ հիմքերու վրայ վերակառուցուի

Ապրիլ 17,2025 11:40

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

«Գանձասար». Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլի երեկոյեան «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ Հալէպի քաղաքական հարցերու վարչութեան պետ տիար Սաատ Նաասանի հետ։

Սաատ Նաասանին կ՚ընկերակցէին Հալէպի քաղաքական գրասենեակի համայնքներու պատասխանատու Մուհամմետ Սանքարի եւ համայնքներու ապահովական պատասխանատու Լուայ աս-Սայետ։

Բացման խօսքով Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, բարի գալուստ մաղթելով Սաատ Նաասանին եւ իրեն ընկերակցող հիւրերուն, կարեւոր համարեց այս հանդիպումը՝ լսելու համայնքի զաւակներուն մտահոգութիւնները եւ լուսաբանելու զիրենք քաղաքի դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման համար որդեգրուած քաղաքական եւ ապահովական քայլերուն շուրջ։

Օրուան զրուցավար, Ազգ. Վարչութեան անդամ Նորա Գրաճեան ներկաներուն ծանօթացուց տիար Սաատ Նաասանը եւ հրաւիրեց զինք ներկայացնելու երկրի ընդհանուր վիճակը, ապա պատասխանելու ներկաներու հարցումներուն։

Տիար Նաասան նախ շնորհաւորեց հայ համայնքի զաւակները Ծաղկազարդի եւ Զատկուան առիթներով, ապա ներկայացուց երկրի ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրները, անդրադարձաւ Սուրիոյ տնտեսական շրջափակման վերացման համար տարուող արտաքին-յարաբերական աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնումի աշխատանքները սկսիլ, ինչպէա նաեւ տնտեսութիւնը բարելաւել, շեշտելով որ Սուրիոյ ժողովուրդը աշխատունակ է եւ տնտեսական շրջափակման վերացման պարագային, կրնայ իր աշխատանքով սատարել երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններու յաղթահարման։ Ապա անդրադարձաւ Հալէպի ապահովական եւ ծառայողական ոլորտներու մէջ տարուող աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելու անոր։
Շուրջ մէկուկէս ժամ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հարց-պատասխանի ընթացքին ներկաներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին երկրի օրէնսդրական եւ ծառայողական ոլորտին, ապահովութեան, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին, կրօններու խաղաղ գոյակցութեան եւ այլ հարցերու առնչուող իրենց մտահոգութիւններուն շուրջ։

Հալէպի քաղաքական հարցերու վարչութեան պետը թափանցիկ մօտեցումով պատասխանեց հարցումներուն շեշտելով, որ սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկները Սուրիոյ քաղաքացիներ են եւ իրենց հայրենիքին մէջ համահաւասար իրաւունքներ կը վայելեն։ Ան կարեւոր համարեց նաեւ այս շրջանին փտածութեան դէմ պայքարը, որպէսզի պետութիւնը առողջ հիմքերու վրայ վերակառուցուի։

Աւարտին սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց տիար Սաատ Նաասանին եւ իրեն ընկերակցողներուն՝ հանդիպման իր հրաւէրին ընդառաջելու եւ բոլոր հարցումներուն պատասխանելու համար, մաղթելով որ նման հանդիպումներ յաճախ կրկնուին եւ մօտ ապագային Սուրիական Հայրենիքը յաղթահարէ մարտահրաւէրները ու դէպի բարգաւաճ օրեր ուղղուի։

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար    
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930