2025 Մարտ 30-ին Գիւմրիի եւ Փարաքարի մասնակի ընտրութիւններուն արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը թեւակոխէ վստահութեան լուրջ ճգնաժամ մը։ Երեք երեւոյթներ ապացոյցն են քաղաքական կեանքի խոր ճգնաժամին: Նախ, մասնակցութեան տոկոսը ցած է, ինչ որ ցոյց կու տայ թէ կառավարողներուն եւ կառավարուողներուն, կամ աւելի ճիշդ՝ քաղաքական ղեկավարներուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ անվստահութեան հարց մը կայ։ Ձեռնպահութեան բարձր տոկոսը միշտ ալ հասարակութեան վատառողջութեան ցուցիչ է, եւ մեծապէս հաւանական է, որ քաղաքականութեան նկատմամբ այս անվստահութեան միտումը շարունակուի, յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքական համակարգը,– եթէ համակարգ գոյութիւն ունի,– կը խրախուսէ մարդոց անտարբերութիւնն ու ծուլութիւնը։ Յետոյ, զարմանալի է, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան ոչ մէկ ուժ՝ ո՛չ «Հայաստան» դաշինքը, ո՛չ «Պատիւ ունեմ» կուսակցութիւնը, ո՛չ ալ ՀՅԴ-ն ներկայացած է ընտրողներուն։ Այս «ուժերը», գիտակցելով որ այլեւս լսելի չեն հասարակութեան կողմէ, պէտք է դասեր քաղեն, եթէ անոնք ունին այդ քաջութիւնը։ Վերջապէս, այս ընտրութիւններուն երրորդ կարեւոր յատկանիշը վարչապետին ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան ստացած ձայներու տոկոսն է՝ 36%, ինչ որ իրեն կը թոյլատրէ առաջին տեղը գրաւել, սակայն անբաւարար է քաղաքը առանձին կառավարելու համար։ Սա ցոյց կու տայ ՔՊ-ի ժողովրդականութեան անկումը. ան կը զիջի իր տեղը «փողկապի ռազմավարութեան»՝ վերադարձող հին հետեւորդներուն, իրենց ստորին մեքենայութիւններով հանդերձ՝ կաշառակերութիւն, զանգիտում (intimi-dation), հատուածականութիւն (sectarisme)։
Դուրս գալ անվստահութեան վիճակէն
Անհրաժեշտ է գլխաւոր առաջնահերթութիւնները բացայայտել, եւ այս վերջինը կրնայ միայն «Հայաստան տուն»-ի կառուցումը ըլլալ ներսէն, կամ նուազ պատկերաւոր կերպով՝ ինքնիշխան հայկական պետութեան կառուցումը։ Ահա միակ կէտը, որ պէտք է գտնուի հայ ժողովուրդի օրակարգին վրայ։ Մնացեալ ամէն ինչ երկրորդական է։ Առաջնահերթութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչումը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցիին վերապահուած ճակատագիրը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Երեւանի իշխանութիւններու փոփոխութիւնը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Մինսքի խումբին կամ Արցախի հարցին վերապահուած ճակատագիրը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Ռուսաստանի կամ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնը չէ։ Առաջնահերթութիւնը Ազերպայճանի դէմ պատիժները չեն։ Առաջնահերթութիւններու առաջնահերթութիւնը, կրկին անգամ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերակառուցումն է ներսէն՝ աշխատանքային մշակոյթը եւ քաղաքական մշակոյթը փոխելով։ Վերը նշուած բոլոր կէտերու լուծումները կը բխին Հայաստան տան կամ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին վերակառուցումէն։ Նոր Սահմանադրութիւն մը հրատապ է՝ իսկական հայկական քաղաքական համակարգ ստեղծելու համար եւ ոչ թէ «ձեւով մը գոյատեւել»-ու՝ 1991-էն ի վեր քաշկռտուող յետխորհրդային ահաւոր համակարգով։ Սահմանադրութեան բարեփոխումը անհրաժեշտ է ստեղծելու համար նոր հաստատութիւններ, որոնք թոյլ կու տան պետութեան եւ վարչակազմին միջեւ տարբերակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ վստահիլ տեսանելի, անկաշառելի եւ արդիւնաւէտ վարչակազմի մը. կրթութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման բնագաւառներուն մէջ իսկական յաւակնոտ քաղաքականութիւն մը կենսական է հայկական շուկան վերականգնելու եւ զայն գրաւիչ դարձնելու, բայց նաեւ հասարակական եւ մշակութային կեանքը ամրապնդելու համար՝ ժողովուրդին առօրեան բարելաւելու եւ անոր արտագաղթին առաջքը առնելու նպատակով։ Խաղաղութիւնը կրնայ միայն անցնիլ պետական կառոյցներու ամրապնդումէն, որպէսզի ամբողջ ազգային հասարակական համակարգը սնուցուի։ Բայց Հայաստան տունը կը վառի, իսկ հայերը տակաւին ուրիշ ուղղութեամբ կը նային։ Դեռ ժամանակ կայ կրակը մարելու, եթէ բոլոր հայ գործիչները սոթտեն իրենց թեւերը եւ պետութեան կառուցումը դարձնեն պայքարներու կարեւորագոյնը։
Ռոպէր ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Նոր Յառաջ» երկօրեայում