Vaticannews/«Ազդակ». Երկուշաբթի, 14 ապրիլ 2025-ին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Անոնք ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով կեդրոնական, երիտասարդական եւ հոգեւոր բնոյթի ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:
Այս հանդիպումը նաեւ առիթ ծառայեց, որ խորհրդակցութիւններ ըլլան Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին Վատիկանի, տարած դիւանագիտական, քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներուն շուրջ: Հոգեւոր տէրը յստակացուց, որ Հռոմի մէջ «Գրիգորեան» համալսարանին 10 ապրիլին կազմակերպած այս վերջին բաւական աղմուկ հանած ձեռնարկը Ազրպէյճանի հերթական նենգափոխութիւնն է պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններու:
Շեշտուեցաւ այդ ամբողջին մօտէն հետեւելու ու Պաքուի իշխանութիւններուն ծրագիրներուն բուն նպատակները լաւապէս իմանալու եւ ըստ այնմ միասնական աշխատանքներ տանելու կարեւորութիւնը, առանց անհարկի մեղադրանքներու դիմելու եւ պառակտումի առաջնորդելու, որոնք կը կազմեն դիտաւորութիւնն ազրպէյճանական վարչակարգին:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: