Շաբաթ, 12 Ապրիլ 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխնախագահներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու Վրէժ Շառոյեան, անդամներ Միսաք Նաճարեան ու Շահան Սէմէրճեան եւ տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Լիլիթ Կասեան:
Հանդիպման ընթացքին Կոմիտէի պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց նախորդ տարիներուն իր կատարած աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերին մասին եւ ներկայացուց յառաջիկայ շրջանի աշխատանքային ծրագիրները:
Իր կարգին, Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէին գործունէութիւնը՝ զայն նկատելով համազգային առաքելութեան նպաստող աշխատանք: Այս առիթով, ան իր օրհնութիւնը տուաւ Կոմիտէին եւ բարի երթ ու արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթեց անոր բոլոր ծրագիրներուն։
Հանդիպման աւարտին, Կոմիտէի ներկայացուցիչները Հայրապետին յանձնեցին յուշանուէրներ:
Կարդացեք նաև
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ