«Գանձասար». 4 Ապրիլ 2025-ին, սուրիահայ համայնքի զաւակ, ծանրորդ Աբրահամ Գուլաճեան, որ Սուրիոյ 2011-ին բռնկած պատերազմի օրերուն արտագաղթած էր, մասնակցեցաւ Միջազգային պրազիլական Ճիու-Ճիտսուի դաշնութեան մրցաշարքին՝ հանդէս գալով ծանրութեան կարգի մրցումին (91 քկ)։
Հայաստանը եւ Սփիւռքը ներկայացնող Գուլաճեան յաղթեց Չիլիէն երկու մրցակիցներու՝ երկուքն ալ պարտութեան մատնելով եւ նուաճեց առաջին դիրքը, արժանանալով ոսկեայ մետալի։
Անոր վեցերորդ ոսկեայ մետալն էր՝ ձեռք բերուած Հայաստանի Ճիու-Ճիտսուի եւ Սապմիշըն Քրապլինկի դաշնութեան անունով, Մարզանքի եւ Մշակոյթի Նախարարութեան աջակցութեամբ՝ նուիրուած իր ազգին, համայնքին եւ ողջ Հայ Սփիւռքին։
Ներկայիս հանդիսանալով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի երիտասարդութեան դեսպան եւ Ռիօ Տէ Ժանեյրո նահանգի Հայ Համայնքի Միութեան նախագահ՝ Գուլաճեան իր յաղթանակի պահը օգտագործեց խօսելու Ապրիլ ամսուան խորհրդանշական նշանակութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին մասին։ Ան հրապարակեց բաց նամակ եւ տեսուղերձ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ ընդգծելով հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգին։ Ան յայտնեց, որ հակառակ պատմական ցաւերուն եւ կորուստներուն, հայ ազգի ուժն ու դիմադրողականութիւնը կը մնան անսասան՝ նոյնիսկ դժուար պահերուն։
Խորհրդանշական արարքով մը, Գուլաճեան բարձրացուց Հայաստանի եւ Պրազիլիոյ զոյգ դրօշները։