Կիրակի 6 Ապրիլ 2025-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Հիւանդներու ու առողջապահական գործիչներու յոբելենական սուրբ պատարագի աւարտին զոր մատուցեց Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան կարդալով այս առիթով Սրբազան Պապին պատրաստած քարոզը, Նորին Սրբութիւնը անակնկալ կերպով ներկայացաւ հրապարակ նախ քան վերջին օրհնութիւնը եւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած ամպիոնէն պատարագիչ Գերապայծառին հետ միասին բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ապա տկար բայց յստակ ձայնով բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։
«Բարի Կիրակի բոլորիդ եւ շնորհակալութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը, եւ տրուած ըլլալով` որ անոր առաջին ողջոյնի խօսքը լսելի չէր եղած բոլորին անգամ մը եւս կրկնեց «Բարի Կիրակի եւ շնորհակալութիւն» մինչ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հազարաւոր հաւատացեալները յուզումնալից ծափահարութեամբ ընկալեցին Քահանայապետը ու անոր ողջոյնի խօսքերը։
Այս առաջին անգամն էր որ Նորին Սրբութիւնը անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին կը յայտնուէր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ու առաջին անգամը, որ միշտ անցեալ 14 Փետրուարէն ասդին իր խօսքը կ՛ուղղէր այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն, որոնք մեծամասնութեամբ հիւանդներ ու առողջապահական աշխարհի պատկան անձեր էին, տրուած ըլլալով որ ճիշտ այս օրերուն կը նշուի անոնց յոբելեանը։ Յոբելեան որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս հիւանդ, նախ իր բնակարանէն հեռուստակայանի միջոցաւ հետեւելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ մատուցուած սուրբ պատարագին ապա սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ դիմելով խոստովանանքի Խորհուրդին ու անցնելով Սուրբ Դռան տակէն, ինչպէս աւելի ուշ յայտնեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում