Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, 1 Ապրիլին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց 2025ի Ապրիլը եՀայոց պատմութեան ամիս, հռչակել՝ եպատուելու համար հայկական համայնքին մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, դիմացկունութիւնը եւ գաւառին՝ յատկանշական ներդրումները,:
Պարկըրի կողքին բանաձեւին համահեղինակը վերահսկիչ Ճենիս Հանն էր:
Նշուեցաւ, որ պատմութիւնը յիշելու կողքին, որոշումին նպատակը ապագային նայիլն է՝ աւելցնելով, որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին հայութիւնը ոչ միայն պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակը, այլ նաեւ պիտի դիմագրաւէ շարունակուող մարտահրաւէրները, որոնց շարքին է Արցախի հայաթափումը:
Նաեւ, 29 Ապրիլին Պարկըր երեք հայորդիներ պիտի մեծարէ:
Կարդացեք նաև