Vatican News. Եկեղեցին պիտի ունենայ երեք նոր սուրբեր, մէկ երանելի ու մէկ նոր Աստուծոյ Ծառայ։ Ֆրանչիսկոս Պապը 28 Մարտին վաւերացուց անոնց սրբադասման ու երանացման դատի գործընթացները։
Սուրբ պիտի հռչակուի 1915-ի հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Երանելի Ինգնատիոս Շուքրալահ Մալոյանը, Մարտինի Հայ Կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդ` Անոր հետ սուրբ կը հռչակուին նաեւ աշխարհական Փիեթրօ Թօ Ռոէ, Փափուա Նոր Կինէայի մէջ անցեալ դարուն ապրած նահատակ, ապա Մարիա Տէ Մոնթէ Քարմելոն՝ «Suore Ancelle di Gesù» միաբանութեան հիմնադրուհին։ Երանելի պիտի հռչակուի Հայր Քարմելօ Տէ Փալման եւ Աստուծոյ Ծառայի տիտղոսը պիտի ստանայ Պրազիլցի Ճուզեփփէ Անթոնիօ Մարիա Իպիափինան։
Շուքրալահ Մալոյանը, ծնած է Մարտին 1869 թուականին, այսօրուայ Թուրքիոյ մէջ։ Մանկութենէն ի վեր Ան ցոյց կու տայ աղօթքին նկատմամբ իր սէրը։ 1883 մուտք կը գործէ Զմմառու Վանք` Լիբանան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կղերի միաբանութիւն։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 1896-ին առնելով Ինգնատիոս անունը։ Կ՛ուղարկուի նախ Աղեքսանդրիա ուր կը փայլի իր քարոզներով, ըլլայ արաբերէն ըլլայ թրքական լեզուներով, ապա կը նուիրուի հովուական առաքելութեան եւ սուրբ գրութիւններու ուսումնասիրութեան։ Ան ապա կը նշանակուի Գահիրէի Պատրիարքական փոխանորդ բայց յաջորդ տարին կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա տեսողութեան հարցերու պատճառաւ։ Պօղոս Պետրոս ԺԲ Սապպաղեան Կաթողիկոս – Պատրիարքը զինք կը կոչէ Կ. Պոլիս, որպէս իր անձնական քարտուղար, բայց ան 1904ին դարձեալ կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա շարունակելու համար իր տեսողութեան դարմանումները ու նաեւ իր առաքելութիւնը։
Վեց տարի ետք կը նշանակուի Մարտինի Պատրիարքական Փոխանորդ` եւ 1911-ին Հռոմի մէջ կը մասնակցի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին որ տեղի կ՛ունենայ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանէն ներս, որուն ընթացքին կը քննարկուին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակը Երիտասարդ Թուրքերուն իշխանութեան գլուխ անցնելու հետեւանքով։ Այդ սիւնհոդոսի ընթացքին Ան կ՛ընտրուի Մարտինի Արքեպիսկոպոս եւ իր Թեմը անցնելով կը սկսի իր առաքելութիւնը յատկապէս զբաղելով կղերական դասին կազմաւորմամբ։
Կարդացեք նաև
Համաշխարհային Ա պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կը սկսին բռնի զինուորագրումները ու մանաւանդ քրիստոնեաներու դէմ ու յատկապէս հայերու դէմ հալածանքներն ու խոշտանգումները։ Մալոյան Արքեպիսկոպոսը կը ջանայ լեզու գտնել իշխանութիւններուն հետ բայց Եկեղեցիներուն դէմ սպառնալիքներն ու յարձակումները կը շարունակուին եւ բոլորն ալ խուզարկումներուն կ՛ենթարկուին։
3 Յունիս 1915ին Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին օրը, Մալոյեան կը ձերբակալուի 13 Քահանաներու եւ 600 հաւատացեալներու հետ միասին։ Մերժելով ուրանալ իր հաւատքը կը սպաննուի 11 Յունիս 1915ին։
Ինգտնատիոս Մալոյեանը երանելի հռչկուեցւա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով 7 հոկտեմբեր 2001ին, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակին առիթով եւ անոր նահատակութեան համբաւը արագօրէն տարածուեցաւ համայն աշխարհին մէջ։
Անոր խօսքերը, անոր ուսուցումները ու մասնաւորապէս անոր սէրն ու զինք հալածողներուն նկատմամբ ներումը համայն Եկեղեցւոյ համար վաւեր և թանկ օրինակ են. ապրելու Աւետարանին նկատմամբ հաւատարմութիւնը նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն, և այդ իսկ պատճառով, գիտակցելով այս վկայութեան արդիականութեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեանը խնդրած է զայն դասել սուրբերու շարքին, անկախ անոր գործած հրաշքներէն, եւ ահա այս դիմումի բերումով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը արտօնեց անոր սրբադասումը։
Ռոպէր Աթթարեան