Շաբաթ, 29 Մարտին, արցախցիք Երեւանի սրտին վրայ բարձրաղաղակ յայտարարեցին՝ պիտի չդադրեցնենք հայրենատիրութեան մեր պայքարը, պիտի չհրաժարինք Արցախ ՏՈՒՆԸ վերադառնալու իրաւունքէն, պիտի չհրաժարինք Ատրպէյճանի ոճիրները բարձրաձայնելէ, Պաքուի մէջ ստապատիր մեղադրանքներով դատուող մեր եղբայրներուն ազատագրումէն, պէտք չէ յետս կոչել Ատրպէյճանի դէմ միջազգային ատեաններուն ներկայացուած ամբաստանութիւններն ու մեղադրանքները, պիտի չհրաժարինք… պիտի չհրաժարինք… պիտի շարունակենք արդար պայքարը:
29 Մարտի հանրահաւաքն ու արդարութեան կանչերը նոր սկիզբ մը պէտք է ըլլան 1988ի Փետրուարին մեկնարկած պայքարի ճամբուն վրայ, եւ մենք արդէն գիտենք, որ յարատեւ պայքարը, մեր ունեցած անառարկելի խաղաքարտերը լաւ օգտագործելով՝ կրնանք վերստին մտնել յաղթանակներու, իրաւունքի տիրացման ճամբուն մէջ, ուրկէ ՔՊական իշխանութիւնը հեռացաւ ու կը փորձէ ողջ հայութիւնը լծել թուրք-ատրպէյճանական լուծին:
ՔՊ-ական իշխանութիւնը միայն հողային իրաւունքներու մարզին մէջ չի վազեր նահանջէ-նահանջ, երկիրը տանելով իրերայաջորդ կորուստներու: Նոյն «յաղթարշաւը»՝ նաեւ տնտեսութեան (գրեթէ բոլոր ենթաբաժիններուն մէջ), մշակոյթի-կրթութեան եւ քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու վրայ: Միակ շօշափելի յառաջխաղացքը… թուրք-ատրպէյճանական պահանջներուն եւ նախապայմաններուն իրականացման ոլորտին մէջ է:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: