«Գանձասար». Հայաստան-Թուրքիա սահմանային «Մարգարա» անցակէտի ժամանակաւոր բացումէն ետք, ՀՀ կառավարութեան որոշումով Սուրիա առաքուած մարդասիրական օժանդակութեան շարասիւնը Կիրակի, 23 Մարտի երեկոյեան ժամը 4:30-ին Հասաւ Հալէպ։
Հալէպի Արդիւրանաբերական ցուցահանդէսի համալիրէն ներս, ՀՀ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան շարասիւնի պաշտօնական յանձնումը կատարեց Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալին։ Պաշտօնական յանձնումի արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հալէպի նահանգապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ղասսան Ֆարուհ։
Օժանդակութիւնը, որ կը պարունակէր հայաստանեան արտադրութեան դեղորայք եւ սննդամթերք, պիտի բաշխուի Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։
Այս առիթով ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Խարազեան ըսաւ․
«Պատմականօրէն սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները բարեկամական կապեր ունեցած եւ իրար փոխօգնութեան հասած են։ Կը մաղթեմ, որ սուրիացի ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ դժուար պահերը եւ Սուրիան դառնայ բարգաւաճ երկիր»։
Կարդացեք նաև
Իր կարգին, Հալէպի փոխնահանգապետ Ֆաուազ Հիլալ շնորահակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան՝ Սուրիա առաքուած օժանդակութեան համար, աւելցնելով, որ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական յարաբերութիւնները զարգացման ամուր ենթահող ունին։