«Հորիզոն» – Մարտ 20-ին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի պատուիրակութիւնը Վանգուվըրի մէջ մասնակցեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի ուժանիւթի նախարար Ատրիան Տիքսի տարեկան դրամահաւաքին:
Ընդունելութեան ընթացքին, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Էտի Փափազեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Չելսի Փափազեան առիթ ունեցան հանդիպելու նախարար Տիքսի հետ, ինչպէս նաեւ նահանգային նախարարներու, Պրիթիշ Գոլոմպիայի Ազգային Ժողովի անդամներու եւ Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Տոն Տէյվիսի հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները քաղաքական պաշտօնատարներուն ներկայացուցին Գանատայի զանազան քաղաքներու մէջ նախատեսուող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ծրագիրները։
Պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրագործուած ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ հայրենի բնօրրանէն բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վիճակին մասին։ Անոնք կոչ ուղղեցին Գանատայի քաղաքական ղեկավարութեան, որ լուռ չմնան այս ծանր իրողութեան դիմաց եւ գործնական քայլեր առնեն ռհայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձաակման առնչութեամբ։
Ընդունելութեան ընթացքին Նախարար Ատրիան Տիքս իր պաշտօնական ուղերձին մէջ ընդգծեց Արցախի բնիկ հայերու պապենական հայրենիք վերադառնալու հիմնարար իրաւունքը` շեշտելով, որ Գանատան պէտք է աւելի գործնական դերակատարութիւն ստանձնէ Արցախի հիմնահարցին գծով: Ան վերահաստատեց Գանատայի յանձնառութիւնը պաշտպան հանդիսանալու մարդկային իրաւունքներուն եւ հալածանքի ենթակայ ազգային փոքրամասնութիւններուն։