Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ԿԽՄԿ-ի վտարումը եւ «Պի.Պի.Սի.»-ի փակումը սերտօրէն կապուած են Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուող ապօրինի դատավարութիւններուն հետ․ «Հորիզոն»

Մարտ 22,2025 09:40

Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) վտարումը, «Պի.Պի.Սի.»-ի Ազրպէյճանի գրասենեակի եւ այլ լրատուամիջոցներու փակումը նորագոյն եւ մտահոգիչ զարգացումներ են, որոնք իսկական ահազանգ են այդ երկրին մէջ աճող բռնապետական քաղաքականութեան եւ միջազգային մարդկային իրաւունքներու չափանիշներու նկատմամբ անփութութեան եւ անտեսումին: Այս քայլերը լրջօրէն կը վտանգեն Ազրպէյճանի խոցելի խումբերն ու յատկապէս հայ ռազմագերիները, որոնք մայրաքաղաք Պաքուի մէջ անօրինական եւ շինծու մեղադրանքներով ու բեմականացուած դատավարութիւններով կը դատուին:
ԿԽՄԿ-ն` իբրեւ չէզոք եւ անկողմնակալ մարդասիրական կազմակերպութիւն, 1992-էն ի վեր առանցքային դեր խաղացած է Ազրպէյճանի մէջ ռազմագերիներու եւ ձերբակալուած անձերու պաշտպանութեան ու անոնց նկատմամբ մարդկային վերաբերմունքի ապահովման համար: Անոր վտարումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում մըն է, մասնաւորաբար` ժընեւեան պայմանագիրներուն համաձայն, որոնք չէզոք կազմակերպութիւններու ճամբով ռազմագերիներուն հասանելիութիւն եւ անոնց հետ հաղորդակցութիւն կ՛ենթադրեն:

ԿԽՄԿ-ի ներկայութիւնը Ազրպէյճանի մէջ մանաւանդ վճռական էր վերահսկելու համար 2020-ի արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք գերեվարուած հայ պատանդներուն պայմանները: Այս ռազմագերիները յաճախ ենթարկուած են` անմարդկային վերաբերմունքի, խոշտանգումներու, բանտային ծանր եւ տմարդի պայմաններու, բռնի «խոստովանութիւն»-ներու եւ քաղաքականապէս ուղղորդուած կեղծ դատավարութիւններու: ԿԽՄԿ-ի վտարումը անհանգստացնող է նաեւ այն առումով, որ կազմակերպութիւնը առանցքային դեր ունէր հայ ռազմագերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը ապահովելու եւ անոնց այցելելու մէջ: Առանց ԿԽՄԿ-ի միջնորդութեան` այս ընտանիքները աւելի քիչ տեղեկութիւններ պիտի ունենան իրենց սիրելիներու ճակատագիրին վերաբերեալ, ինչ որ բնականաբար կը խորացնէ անոնց տառապանքը եւ կը խախտէ նաեւ անոնց մարդկային հիմնարար իրաւունքները:

Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ԿԽՄԿ-ի վտարումը փորձած է արդարացնել «կանոնակարգի խախտումներու» պատճառաբանութեամբ, սակայն այս պնդումը անհիմն է եւ կը թուի ընդամէնը միջոց մը` թաքցնելու մարդու իրաւունքներու իր կոպիտ խախտումները: ԿԽՄԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Ֆիլիպ Էննին յայտարարած է. «ԿԽՄԿ-ի վտարումը կը զրկէ հազարաւոր խոցելի մարդիկ իրենց անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութենէն եւ պաշտպանութենէն: Այս չափազանց մտահոգիչ զարգացում մըն է, որ կը խարխլէ մարդասիրութեան եւ չէզոքութեան սկզբունքները»:

Միւս կողմէ, անցնող փետրուարին, «Ամերիկայի Ձայն»-ի եւ «Պի.Պի.Սի.»-ի Ազրպէյճանի գրասենեակի փակումը կը փաստէ մամուլի ազատութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու շարունակական ոտնձգութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրահանգեց կասեցնել «Պի.Պի.Սի.»-ի ազրպէյճանական ծառայութեան գործունէութիւնը` արտօնելով, որ միայն մէկ լրագրող աշխատի երկրին մէջ: Թէեւ նախարարութիւնը յստակ բացատրութիւն չէր տուած, բայց եւ այնպէս, ան յայտնած էր, թէ որոշումը օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու նկատմամբ փոխադարձութեան սկզբունքով պայմանաւորուած է: «Պի.Պի.Սի.»-ն խոր մտահոգութիւն յայտնեց այս քայլին վերաբերեալ` ընդգծելով, որ այդ սահմանափակումները կրնան խոչընդոտել ազատ եւ անկողմնակալ լրատուութեան տարածումը:

Թէպէտ «Պի.Պի.Սի.»-ն որոշ պարագաներու ունեցած է ազրպէյճանամէտ խեղաթիւրումներ Արցախի մասին իր լրատուութեան մէջ, այնուամենայնիւ, ան միջազգային լրատուական աղբիւր էր, որ լուսաբանած է տարածաշրջանի իրադարձութիւնները:
ԿԽՄԿ-ի վտարումը եւ «Պի.Պի.Սի.»-ի փակումը սերտօրէն կապուած են Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ իրականացուող ապօրինի դատավարութիւններուն հետ: Անոնց վտարումով կարեւոր ու հաւաստի աղբիւրներ կը դադրին լուսաբանելէ ընթացող թատերական դատավարութիւնները: Պէտք չէ մոռնալ, որ հայ ռազմագերիները կ՛ենթարկուին կեղծ դատավարութիւններու, որոնք կը բնորոշուին` բռնի խոստովանութիւններով, արդար դատավարութեան բացակայութեամբ եւ քաղաքական մղումներ ունեցող մեղադրանքներով:

Հետեւաբար այս երկու կազմակերպութիւններու փակումը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ` թէ՛ Ազրպէյճանի միջազգային հեղինակութեան, թէ՛ խոցելի խումբերու ապահովութեան առումով: Չէզոք մարդասիրական կազմակերպութիւն մը վտարելով` Ազրպէյճանը կը փաստէ, որ պատրաստ է անտեսելու բոլոր արտաքին ճնշումներն ու քաղաքական շահերու դիմաց մարդու իրաւունքներու նոր անկումներ արձանագրելու:

 

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31