Պաքու եւ բնականաբար Անգարա կը պահանջեն, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի, թուրանական աշխարհը իրարու կապելու համար՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բացուի (ճամբայ-միջանցք բառախաղերը մոլորեցնող են), ԵԱՀԿ-Մինսքի խումբը լուծուի եւ պատմութեան անցնի («Արցախ չկայ, ի՜նչ Մինսքի խումբ»…), արդէն իսկ գրեթէ ապազինուած եւ ոստիկանական պետութեան (police state) վերածուած Հայաստանի բանակը բոլորովին զինաթափուի։ Ամէնէն վտանգաւոր պահանջներէն մէկն ալ, որուն Հայաստանի իշխանութիւնները յայտնապէս յօժարած են՝ Ատրպէյճանի դէմ միջազգային ատեաններէն հայկական դատերն ու պահանջները ետ քաշել է: Ի՜նչ 5 հազար զոհ… Ի՜նչ Արցախի հայաթափում-ցեղասպանութիւն… Ալիեւները անպարտ պիտի հռչակուին հայանուններո՛ւ «խաղաղասիրութեան» ճամբով…
Ա՞յլ պահանջներ. շատ են, նորեր կը ծնին ամէն օր։ Նորագոյններէն՝ Արցախի պաշտպանութեան մասնակցած դէմքերու Ատրպէյճանի յանձնումի պահանջը: Այս բոլորէն՝ խաղաղութէնէ աւելի՝ խեղկատակութիւն կը բուրէ։ Այլապէս ալ, պէտք է կոյր ու խուլ (չըսելու համար՝ բթամիտ) ձեւանալ, չգեսնելու՝ որ Հայաստան կողմէ «ազերիական դիրքերու վրայ նոր յարձակումներու» մասին զրպարտութիւններու նոր շղթայ մը կը հիւսուի քանի մը օրէ ի վեր, իսկ պաշտօնական Երեւանէն ու եւրոպացի դէտերու հերքումները բաւարար հնչեղութիւն չեն գտներ:
Ալիեւ եւ իր «երէց եղբայր»՝ սուլթան Էրտողանի պահանջներուն շարքը երկար է. Հայաստան պէտք է ապահովԷ այսպէս կոչուած՝ «արեւմտեան ատրպէյճանցի»-ներու վերադարձը, անոնց անարգել ելումուտը՝ Հայաստան: Երեւան նաեւ պէտք է նիւթական հատուցում կատարէ Ատրպէյճանի: Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն հիմա աւելի բացայայտ կը հնչեն այն «տեսութիւնները», թէ Երեւանը Էրիվան է, ամբողջ Հայաստանը՝ թուրք-ազերիական սեփականութիւն. պատմութիւն կը խեղաթիւրեն եւ երեւանցի «քայլ»-ականները կ’արձագանգեն այդ «տեսութիւններուն»: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել փաշինեանական այն հաստատումը, թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ, սահմանային պատառիկներ ալ մէկը միւսին ետեւէ ազերիական պատկանելիութիւն պիտի «շահին», մարդիկ պէտք է հրճուի՜ն, որ ազերիները իրենց տուներէն 50 մեթր անդին կը գտնուին, վաղը զիրենք կրնան մատնել Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Աղաւնոյի ճակատագիրին…
Լրացուցիչ պահանջնե՞ր. որքա՛ն որ կ’ուզէք. Հայաստանի մէջ պէտք է փակուին բոլոր այն կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք զբաղուած են ազգային արժէքներու պահպանումով, Հայաստանի մէջ պէտք է դադրեցուի Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակիցներու հերոսացումը եւ յաղթանակի պանծացումը:
Կարդացեք նաև
«Իմ քայլ»-ականները կամովին զգեստաւորուած են Թուրքիոյ «Գորշ գայլեր»-ու պատմուճաններով, այսինքն՝ պարզ ու մեկին՝ գործակատար լծակներն են թուրք-ատրպէյճանական ծրագիրներուն:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: