Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուող «Մարգարա» անցակէտը 10 օրով պիտի բացուի, որպէսզի Հայաստանի կողմէ Սուրիա առաքուող մարդասիրական օգնութեան բեռները տեղափոխուին Թուրքիոյ տարածքով: Որոշումը ընդունուած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստին։ Կառավարութեան որոշումի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Հայաստանի եւ Սուրիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու միջեւ աշխատանքային հանդիպումներու հետեւանքով քննարկուած է մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը։ Այս որոշումով կարելիութիւն պիտի ստեղծուի մարդասիրական օգնութիւնը արագ հասցնելու Սուրիա։
Այս մասին «Գանձասար»-ին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Ա․ Աւետիսեան, դիտել տալով, որ 27 Յունուարին Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցած էր Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանիի հետ , որուն ընթացքին քննարկուած էին փոխադարձ հետաքրքրութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարդասիրական օժանդակութեան կարելիութիւնները։
ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, իր կարգին, վերջերս այցելած է Հալէպի նահանգապետին եւ նահանգապետի տեղակալին, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարած է հայ-արաբական պատմական կապերուն եւ Հայաստան-Սուրիա գործակցութեան, Սուրիոյ մասնագէտներուն համար Մատենադարան-հիմնարկի եւ ՀՀ ԱԳՆ դիւանագիտական դպրոցի քանի մը մասնագիտական դասընթացքներուն, Հալէպ նահանգին մէջ 5 տարի գործած Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան իրականացուցած հսկայածաւալ եւ կարեւոր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիան ցնցած վերջին երկրաշարժի օրերուն ՀՀ մարդասիրական օժանդակութեան ու փրկարար ջոկատի ուղարկման։ Քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան կարելիութիւնները։
Նահանգապետը իր կարգին հաստատած է, որ Սուրիոյ ժողովուրդը սուրիահայերուն նկատմամբ ունեցած է ու պիտի շարունակէ ունենալ ջերմ եւ եղբայրական վերաբերմունք, ինչպէս նաեւ հարց տուած՝ պատերազմի տարիներուն Հայաստան ուղղուած սուրիահայերու թիւին շուրջ։
Կարդացեք նաև
Այս տուեալներուն լոյսին տակ, գլխաւոր հիւպատոսը յայտնեց, որ ՀՀ կառավարութեան որոշումով յառաջիկայ օրերուն մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարները դեղորայք եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ Թուրքիոյ տարածքով պիտի փոխադրեն Սուրիա։
«Գանձասար»