ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հարցազրոյցը Վիգէնին սիրեցեալ կողակիցին՝ տիկ. Լինտային հետ
Վերջերս՝ 17 Փետրուար 2025-ին, «Ճշմարտութեան և արդարադատութեան կեդրոն»ը (The Center for Truth and Justice ) , որ կը գտնուի ԱՄՆ-ի մէջ եւ ունի իր գրասենեակները ինչպէս Եւրոպայի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ, զեկոյց մը հրապարակած էր «Ազրպէյճանի կողմէ քրիստոնեայ հայերուն շարունակական հալածանքները. Վիգէն Էօլճէքեանի պարագան» (Azerbaijan’s Ongoing Persecution of Christian Armenians: The Case of Vicken Euljekjian) վերնագրով։
Այս զեկոյցը առիթ կը հանդիսանայ այսօր վերստին բարձրաձայնելու Ազրպէյճանի մէջ անօրինաբար դատուած ու պահուող լիբանանահայ քաղաքացիական գերիին մարդկային խիղճին վերաբերող հարցը:
Կարդացեք նաև
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի երկքաղաքացիութիւն կրող Վիգէնը հայրենասիրական մղումով տեղափոխուած էր Լեռնային Ղարաբաղ, այնտեղ գործ մը հիմնելու եւ ընտանիքին հետ հայրենի հողին վրայ նոր կեանք մը սկսելու:
Վիգէն Էօլճէքեան 10 Նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած չարաբաստիկ համաձայնութենէն օր մը ետք գերի ինկաւ ազերիներուն ձեռքը երբ ան կը պատրաստուէր իր անձնական իրերը տարհանել Շուշիէն, որ արդեն ինկած էր թշնամիին ձեռքը:
Վիգէն սովորական քաղաքացի մըն էր: Ան կռուող չէր եւ ճակատի վրայ չէ, որ գերի ինկաւ այլ պարզապէս ճանապարհին վրայ ապօրինի կերպով գերեվարուեցաւ ազերիներու կողմէ , որոնք զինք փոխադրեցին Պաքու, ուր մեր համաքաղաքացին առաջին 7 ամիսը մեկուսացուած մնաց առանց կարենալու հաղորդակցիլ դուրսի աշխարհին հետ:
14 Յունիս 2021-ին Վիգէնը ապօրինաբար դատուեցաւ Պաքուի զինուորական դատարաններէն մէկուն կողմէ: Այս կեղծ դատավարութեան ընթացքին Վիգէնը ազրպէյճանի կողմէ ամբաստանուեցաւ. «որպէս վարձկան մասնակցելու ռազմական հակամարտութեան, ահաբեկչութեան և պետական սահմանը բռնութեամբ կամ բռնութեան սպառնալիքով հատելու համար» շինծու մեղադրանքներով: Այս կեղծ հիմքին վրայ հենուելով նշեալ դատարանը զինք դատապարտեց 20 տարուայ բանտարկութեան:
Նշենք, որ թատերական բնոյթ ունեցող նշեալ դատավարութեան ընթացքին, Վիգէնի արտօնուած չէր եղած դիմելու կամ ունենալու, անկախ իրաւական ներկայացուցչութիւն, հետաքննութիւն կամ փաստաբանական պաշտպանութիւն:
Ազատ եւ արդար աշխարհի համար (եթէ նման բան գոյութիւն ունի կամ լսող կայ) պարզ է, թէ Վիգէնի հանդէպ առաջադրուած մեղադրանքները քաղաքական և ցեղական խտրականութեան դրդապատճառներ ունին, մինչ դատավարութեան ամբողջ ընթացքին ամբաստանող մարմնին կողմէ իր դէմ ներկայացուած չէ, ոևէ էական ապացոյց նոյն ժամանակ դատարանը անտեսած է մեղադրեալ կողմին արդարացման կոչը:
Այսօր մինչ նոյն թատերական ներկայացումներով Պաքուի մէջ կը դատուին Արցախի ռազմաքաղաքական գերիները, անոնց ընդմէջէն դատելով եւ ստորնացնելով նաեւ մեր ամբողջ ազգը, Վիգէնը իր հերթին 20 տարուայ ազատազրկման ապօրինի պատիժ մը կը կրէ Ազրպէյճանի մէջ:
Արդէն 46 ամեայ, Վիգէնը այսօր ահաւոր պայմաններու մէջ կալանքի տակ կը պահուի ենթադրաբար ազերիական Կոպուստանի (Gobustan) բանտին մէջ, որ կը գտնուի Պաքուէն 40 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Ան աշխարհին ծանօթ է իր անմարդկային պայմաններով եւ բանտարկեալներու շարքերուն մէջ անձնասպանութիւններու գրանցումի բարձր եւ վտանգաւոր ցուցանիշով:
Խմբ.
Զ. Բարեւ ձեզ: Կարելի՞ է մեզի հաղորդէք Պաքուի մէջ գերի գտնուող Վիգէնի այսօրուայ իրավիճակին մասին:
Լինտա. Վիգէնին վիճակը Պաքուի մէջ շատ վատ է: Չափազանց նիհարցած է: Անցեալ տարի 35 օրեր հացադուլի դիմած էր: Ան այսօր, հոգեկան եւ մտային տագնապի մէջ է:
5 տարիէ ամէն միջոցի դիմած եմ. Ընկերային հարթակներու (social media) վրայ բարձրաձայնել իր մասին, Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ գտնուող պատասխանատու մարմիններուն ամէն առիթով դիմում: Ի զուր: Այս հինգ տարուան ընթացքին, այն ամիսը, որ հետս խօսէր, կը տեսնէի, որ շատ անհանգիստ է:
Վիգէնը զրկուած է հանգիստ քունէ եւ սնունդէ: Ան կը տառապի ու գինը կը վճարէ յօրինուած մեղքի մը, որ ինք գործած չէ: Վիգէն ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուեցաւ, կեղծ մեղադրանքներու զոհ գնաց, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս Վիգէնի վիճակը օրէ օր աւելի կը վատանայ:
Ինք բնութեամբ եւ հաւատքով շատ զօրաւոր է, քաջ է, անոր համար գուցէ տակաւին կրնայ տոկալ, բայց ես կը զգամ, որ իր մտային եւ հոգեկան վիճակը լաւ չէ: Ան թերեւս մարմնական չարչարանքները կրցաւ դիմագրաւել, բայց հիմա իր հոգին է, որ կը տանջուի: Յիշեմ, որ Վիգէնը 4 տարի մնացած է առանձին, բանտային խուցի մը մէջ: 4 տարի ետք երբ հետը վերջապէս տեսակապով խօսեցայ կը կարծեմ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէր լոյսը, ձիւնը:
Զ. Ատեն մը առաջ, իր ազատ արձակումի մեր յոյսերուն ի դերեւ գալուն պատճառներուն մասին ի՞նչ նորութիւններ յայտնաբերած էք: Ազատագրուողներուն ցուցակին մէջ ինչո՞ւ է, որ իր անունին մասին յայտարարուելէ ետք յանկարծ փոխարինուեցաւ իր անձը:
Լինտա. Դեկտեմբեր 2023-ին, որոշուած էր, որ Վիգէնի անունը ըլլայ Հայաստանի հետ գերիներու փոխանակման ցանկին մէջ: Այդ ցանկին մէջ նշուած անունները բացայայտօրէն յայտարարուեցան ազերիական եւ հայկական լրատուամիջոցներէ: Միջազգային Կարմիր Խաչը ինծի տեղեկացուց, որ Վիգէնը ազատ պիտի արձակուի, սակայն գերիներու փոխանակումէն 3-4 ժամ առաջ, անունը այլ գերիով մը փոխարինուեցաւ: Պատճառը մնաց անյայտ: Հայաստանեան կողմը չկրցաւ յստակ պատճառ մը նշել մեզի, մինչ ազերիական կողմը ընդհանրապէս այս մասին տեղեկութիւն չտուաւ: Իմ կողմէ զուտ թէական ենթադրութիւններու ծիրէն ներս կրնամ ըսել, որ այդ պահուն Վիգէնը լաւ վիճակի մէջ չէր եւ եթէ դուրս հանէին, աշխարհը պիտի տեսնէր ու իմանար այն անմարդկային ֆիզիքական բռնութիւններուն մասին, որ ինք ենթարկուած է: Այս մասին ինքն ալ չխօսեցաւ յետոյ: Միայն գիտեմ, որ շա՜տ ընկճուած եւ յուսահատ վիճակ մը ունէր, քանի մեծ յոյսեր ապրելէ ետք, որուն ընթացքին ինք նոյնիսկ իր անձնական իրերը բաժնած էր հոն մնացող այլ գերիներուն միջեւ, ապրեցաւ իր կեանքի մեծագոյն յուսախաբութիւններէն մէկը: Մեր հերթին, մենք որպէս ընտանիք մեծապէս ընկճուեցանք եւ բոլորիս հոգեվիճակը կտրուկ անկում ունեցաւ:
Զ. Իր հարցին դատական գործընթացը ի՞նչ հանգրուանի մէջ է այսօր: Այսինքն առիթ կա՞յ դատավճիռի վերաքննութեան: Այս մասին ի՞նչ կ՛ընէք դուք կամ Վիգէնին զօրակցող հանրութիւնը: Վիգէն ունենալով երկքաղաքացիութիւն, Լիբանանեան եւ Հայաստանեան պետութիւնները ի՞նչ կ՛ընեն այսօր իր համար:
Լինտա. Վիգէնի ազատագրուելուն համար ոչինչ խնայեցին շատ սփիւռքահայեր եւ Հայաստան գտնուող հայեր, տարբեր երկիրներէ հայ փաստաբանները, Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, Լիբանանի մէջ Հայ պետական գործիչներ, յատկապէս Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ տիկ. Փոլա Եագուպեանը: Ափսոս սակայն առ այսօր բոլոր ջանքերը ապարդիւն դուրս եկան: Խնդիրը չափազանց դժուար եւ կնճռոտ կը թուի ըլլալ երբ ազրպէյճանը կը յամառի չանսալ դիմումներուն:
Այս օրերուն քիչ մը աւելի յուսադրուած եմ քանի Պաքուի մէջ տեղի կ՛ունենան Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնները, որ միջազգային հետաքրքրութիւնը եւ ընդհանրապէս ազրպէյճանի մէջ ազատազրկուած գերիներու հարցով զբաղելու տրամադրութիւնները աւելի գործնական դարձուցած են: Հայաստանի իշխանութիւններէն կը խնդրեմ ճիգ չխնայել ազատագրելու իր քաղաքացիները: Մեծ յոյսեր ունիմ մարդասիրական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու վրայ եւ բոլոր անոնց, որոնք ամէն ինչ կ’ընեն գերիները ազատելու համար: Երախտապարտ եմ իւրաքանչիւր ճիգի համար, որ կը ձգտի վերականգնել արդարութիւնը: Այստեղ կ՛ուզեմ առանձնացնել նաեւ ձեզի անձամբ ծանօթ եւ ձեր թերթին բարեկամ՝ մեծ հայասէր, Լիբանանցի արաբ ազնիւ լրագրող՝ Պրն. Ճորճ Աքուրիին, որուն ես շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ: Բացառիկ մարդ է: Մեզի շատ օգնեց: Վիգէնին հարցին նուիրուած իր կուռ յօդուածներէն բացի ինձ ծանօթացուց լիբանանեան եւ արաբական մետիայի շատ մը ներկայացիչներու, որպէսզի մեր ձայնը հնարաւորինս բարձրացնենք ամէն հարթակի վրայ: Սրտանց շնորհակալ եմ իրեն, որ 5 տարիէ ի վեր եւ մինչեւ օրս կը հետեւի մեր խնդիրներուն եւ Վիգէնի վիճակին:
Իր գտնուած բանտէն, Միջազգային Կարմիր Խաչի միջոցաւ իր ընտանիքին ուղարկած Վիգէնի 14.05.2024 թուակիր նամակին պատճէնը:
Զ. Ըստ ձեր տեղեկութիւններուն, Վիգէնի եւ այլ ռազմագերիներուն նկատմամբ կը յարգուի՞ն մարդկային եւ բանտարկեալի իրաւունքներուն մասին ՄԱԿ–ի համապատասխան հռչակագիրներու նորմերը:
Լինտա. Ինչպէս գիտէք, Վիգէնը դատուեցաւ ճնշումի եւ չարչարանքի ենթարկուելէ եւ իրմէ անհիմն «խոստովանութիւններ» կորզուելէ ետք: Այնտեղ բանտարկեալները ճնշելու եւ անոնց իրաւունքները ոտնահարելու բազմաթիւ վկայութիւններ կան արդէն իսկ ազատագրուած գերիներուն կողմէ, որոնց այսօր ազատութեան մէջ գտնուելուն համար ուրախ եմ շատ: Ուրախ եմ իրենց հարազատներուն համար եւ նոյնը կը մաղթեմ Վիգէնին, այնտեղ տակաւին մնացող բոլոր գերիներուն, իրենց ընտանիքներուն եւ մեզի:
Զ. Առանց Վիգէնի Լիբանանի մէջ ձեր կենցաղին մասին խնդրեմ խօսեցէք: Ի՞նչպէս կը հոգաք ձեր ընտանիքին պէտքերը:
Լինտա. Ես ընտանի կենդանիներու կերերու եւ պիտոյքներու շրջուն վաճառողուհի էի եւ կ՛այցելէի ու ապրանք կը փութացնէի համապատասխան խանութները: Վերջին շրջանին երկար ժամեր ինքնաշարժ վարելու եւ ծանր ապրանք շալկելու, ինչպէս նաեւ հոգեկան ծանրաբեռնուածութեան պատճառով կռնակի եւ մէջքի խնդիրներ ունեցայ: Ողնաշարի երեք յօդերու հեռացում ունիմ այս պահուն եւ անտանելի ցաւեր: Հետեւաբար ակամայ աշխատանքս լքեցի, որ աւելի բարդացուց մեր ընտանեկան պիւտճէին կացութիւնը: Մեր դուստրը՝ ափսոս ամենօրեայ դպրոցէն դուրս եկաւ եւ այժմ ազատ ժամերուն կը հետեւի մասնաւոր դասընթացքներու համապատասխան վկայական մը ստանալու համար: Հիմնուելով իմ աշխատանքային փորձառութեանս վրայ եւ մեր ընտանիքին մեծ սիրոյն ընտանի կենդանիներու հանդէպ, աղջկանս հետ միասնաբար որոշեցինք Պուրճ Համուտի մէջ ընտանի կենդանիներու կեր եւ պիտոյքներ ծախելու խանութ մը բանալ: Ափսոս, որ չկրցանք տակաւին մեր նոր խանութը, որ կը գտնուի Ազգային Ծերանոցին շէնքին դիմացի շարքին վրայ, ամբողջութեամբ կահաւորել կամ համապատասխան ապրանքով լեցնել՝ նիւթական պատճառներով, սակայն ամէն ինչ կ՛ընենք, որ գոնէ վարձուած նպատակայարմար տարածքը չկորսնցնենք:
Պէտք է դիմանալ մինչեւ Վիգէնը Աստուծմով միանայ մեզի: Հիմա մենք ամէնէն շատ Վիգէնին մեր մէջ ներկայութեանը կարիքը ունինք: Կ՛ուզենք, որ Վիգէնը շուտով մեզի հետ ըլլայ, ես պատրաստ եմ առանց ուտելիքի, խմելիքի ու տան մնալ, միայն գիտնամ, որ Վիգէնը պիտի ազատագրուի: Անհամբեր կը սպասենք մեր սիրելի ամուսինին եւ հօր՝ մեր ընտանիքին ուժին ու ապաւէնին ողջ առողջ տուն վերադարձին:
Մինչ այդ ես Աստուծմէ միայն կ՛ուզեմ մեր զաւակներուն հետ երթիք մը ունենալ եւ անոր տակ ապահով ապրիլ: Ո՛չ աւելի- ո՛չ պակաս: Շնորհակալ եմ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու գրասենեակին, որ կը փորձէ տրամադրել մեր վարձած տան ամսավճարները:
Զ. Կ՛իմանամ ու նկարին մէջ կը տեսնեմ, որ դուք ձեր նոր բացուելիք խանութը ԱՐՑԱԽ կոչած էք: Ի՞նչ ունիք ըսելու այս մասին:
Լինտա. Այո անպայման ԱՐՑԱԽ եւ ուրիշ ոչինչ բայց Արցախ: Խանութը «Արցախ» կոչեցի, որովհետեւ Վիգէնն ու ես կ’ուզէինք Արցախ ապրիլ: Շատ ուրախ էի, մեծ երազներ ունէի: Ստացած էինք տուն ու կ՛ուզէինք այնտեղ տեղափոխուիլ: Առաջին այցելութենէս ետք իսկ կ’ուզէի անմիջապէս հաստատուիլ այնտեղ, ու մեր ընտանիքին հետ այնտեղ կենսագործել: Ափսոս ճակատագիրը չթոյլատրեց:
Բոլորէն կը կը խնդրեմ սիրել Հայաստանն ու Արցախը իրենց անձին ու ընտանիքին պէս: Վիգէնը սխալ բան չըրաւ, Վիգէնը, որպէս հայրենասէր երիտասարդ փորձեց պաշտպանել այն հողը, ուր ամբողջ կեանք մը կ’ուզէր ապրիլ՝ ընտանիքին հետ, ինծի հետ, իր զաւակներուն հետ: Բոլոր լաւ մարդոց կը խնդրեմ, որ Վիգէնին, ինչպէս նաեւ մեր միւս բոլոր գերիներուն չմոռնան: Բոլորին վերադարձի իրաւունքին պահանջատէրը ըլլանք, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ չկայ իրաւունք, որ կը մեռնի եթէ անոր ետին կայ պահանջատէր:
Զ. Տիկին Լինտա ի՞նչ ունիք աւելցնելիք այստեղ:
Լինտա. Շնորհակալութիւն ձեզի: Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս հարցի յաջողութեան համար ոչինչ կը խնայեն, շնորհակալութիւն բոլոր այն ազնիւ մարդոց, որոնք կը մտածեն գերիներու ընտանիքներու մասին ու կը փորձեն հոգալ անոնց խնդիրները:
ՄԵՐ ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉԸ
Սոյն հարցազրոյցի աւարտին եւ այս առիթով, մեր հերթին մեր սրտագին կոչն է բոլոր հայորդիներուն, իրենց հնարաւոր բոլոր միջոցներով նեցուկ կանգնիլ մեր գերիներուն արդար դատին ու անոնց տառապող ընտանիքներուն:
Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջենք, աւելի լրջութեամբ մօտենալ սոյն ազգային ու մարդասիրական հարցին, որովհետեւ Ազրպէյճանի մէջ միայն խնդրոյ առարկայ անձերուն դատը չէ, որ ցուցադրական կերպով կը բեմադրուի, այլ այս միջոցաւ ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը կը միտին նուաստացնել ու դատել ամբողջ ազգ մը, որ Արցախի մէջ Ժողովուրդի մը Ինքնորոշման Իրաւունքի պայքարը կը մղէր: Իրաւունք մը, որ իբր թէ երաշխաւորուած պէտք է ըլլար այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքին ու քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ: