Լիբանանի մէջ Ֆրանսախօսութեան միամսեակի ծիրին մէջ Հայաստանի, Պելճիքայի, Քանատայի եւ Զուիցերիոյ դեսպանատուներու եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի գրասենեակի միացեալ նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ազգային սիմֆոնիք նուագախումբի «Ֆրանսախօսութեան ներդաշնակութիւնը» խորագիրով դասական երաժշտութեան համերգը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ ըսաւ. «Երբ զէնքերը կը խօսին, մուսաները կը լռեն»: Այս արտայայտութիւնը ցաւալիօրէն կ՛արձագանգէ պատմութեան խորքէն մինչեւ մեր օրեր, երբ կրակոցներու եւ ռումբերու ձայները կը խլացնեն երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնն ու արուեստը:
«Այս համերգի տրամաբանութիւնը հակառակն է. թող, ուրեմն, երաժշտութիւնը խօսի, եւ թնդանօթները պապանձին, որպէսզի աշխարհի վրայ ամէնուր արդարութեան իրաւունքը յաղթէ պարզապէս ուժի իրաւունքին, որպէսզի մարդկային կարեկցանքի եւ հանդուրժողականութեան հիմնական զգացումը յաղթէ արնախում մարդատեաց անհանդուրժողութեան, որպէսզի ոչ մէկ ծնող կորսնցնէ իր զաւակը, եւ որպէսզի բոլոր ռազմագերիները վերադառնան իրենց օճախները»: