Vatican News. Ուրբաթ` 14 Մարտի կէսօրէն ետքը, Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան ծիրէն ներս, Առաքելական Մատենադարանի Սիքսթինեան սրահի մէջ տեղի ունեցաւ «Բաց խօսքեր. Յոբելենական բառապաշար մեր ժամանակի համար» բնաբանով մշակութային ծրագրի ութը համաժողովներէն երրորդը` որ նուիրուած էր Լռութեան նիւթին եւ որուն ծիրէն ներս ցուցադրուեցաւ Հայազգի ռեժիսոր Արամ Մանուկեանի «ՍԻԿՄԱ» կարճամետրաժը, ի ներկայութեան հեղինակին, արժանացաւ նաեւ մրցանակի մը, եւ իրեն ընկերացող Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութեան մը։
Վերոնշեալ ցուցադրութենէն ետքը «ՍԻԿՄԱ» ֆիլմի դերակատարները առիթը ունեցան այցելելու Վատիկանի Ձայնասփիւռը եւ հանդիպելու ու ծանօթանալու հայկական բաժնի խմբագրութեան անձնակազմին հետ։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: