«Եռագոյն». Ազրպէյճանի հետ համաձայնութիւն կնքելու Հայաստանի նպատակադրումը որեւէ ձեւով վստահութիւն չի ներշնչեր՝ հայութեան իրաւունքները պահպանուած տեսնելու առումով։ Հայ ժողովուրդին համար անյստակ տուեալներու վրայ հիմնուած փաստաթուղթի մը շուրջ բանակցութիւններ կը վարուին Հայաստանի վարչապետին կողմէ, որուն մասին միայն ազրպէյճանի պահանջներու երկար շարքը ծանօթ դարձած է։ Ակնյայտ է, որ Ազրպէյճան կը ճնշէ Հայաստանի վրայ, միանգամընդմիշտ ձեռքբերելու համար Արցախի հարցի վերջնական փակումը, ինչպէս նաեւ իր գերակշռին տակ պահելու համար մեր երկիրը, բռնապետական իր բոլոր հիւանդագին ծրագիրները իրագործելու հեռանկարով, ի վնաս մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին։
Կարիքը կա՞յ յիշեցնելու՝
— պաքու առեւանգած է ու պատանդ կը պահէ Արցախի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութիւնը, անոր ենթարկելով ապօրինի ու խեղկատակ դատավարութեան մը, որ կը միտի նուաստացացնել ամբողջ հայ ժողովուրդը։
— Ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ու ապօրինի գրաւուած կը պահէ անոր ինքնիշխան տարածքներէն մաս մը։
— Շարունակական անհեթեթ ու վտանգաւոր յայտարարութիւններ կը կատարէ ալիեւի անվերջ պահանջներուն մասին, նպատակ ունենալով աւելին կործել Հայաստանէն։
Առաւել, երկու օրէ ի վեր, յունական եւ միջազգային մամուլին մէջ դարձեալ սկսած են շրջանառուիլ «Հայաստանի կողմէ գործուած յարձակումներու» մասին սուտ լուրերը, որ ազերիական ապատեղեկատուութիւնը կը տարածէ՝ նորանոր յարձակումներ արդարացնելու համար Հայաստանի դէմ։ Ուստի, ո՞ւր է հայութեան եւ Հայաստանին համար տրուելիք որեւէ երաշխիք։
Երբեք կարելի չէ ընդունիլ նման պայմաններու մէջ պարտադրուող որեւէ փաստաթուղթ, որ նոր զիջումներու պիտի առաջնորդէ մեր երկիրը։
Չկայ ազգ ու պետութիւն, որ խաղաղութեան բարձրագոյն երաշխիքը չուզէ իր երկրին եւ ժողովուրդին համար։ Ազատ կեանք, ապահով ու արդար պայմաններու մէջ՝ գերագոյն նպատակն է երկրի մը ու իր քաղաքացիներուն համար։ Այդ է հայութեան պահանջը նաեւ մեր հայրենիքին համար։ ալիեւեան կեցուածքները սակայն որեւէ ձեւով թոյլ չեն տար հաւատալու, թէ ճշմարիտ խաղաղութեան մը հաստատման ճիգ է եղածը։
Տարածաշրջանին մէջ արդար խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը ցանկալի է բոլորին համար։ Սակայն, այդ պէտք չէ ըլլայ միակողմանի պարտադրանքի արդիւնք, անտեսելով հայկական իրաւունքները ու դառնալով նոր սպառնալիքներու միջոց։
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ