2020-ին Ատրպէյճանին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր յաջորդող ու դեռ շարունակուող ուժի գործադրութեամբ յառաջ մղուած անվերջանալի պահանջները ունին մէկ նպատակ՝ անշրջելի ձեւով Արցախի հարցը փակել եւ մարսել Արցախի բռնագրաւումը: Դժբախտաբար, այս նպատակը յառաջ քաշելու համար բարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմանները դասաւորուեցան ի նպաստ թշնամի երկրի նկրտումներուն եւ աշխարհը լուռ հետեւեցաւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումներով իրականացուած ցեղասպանութեան:
Մեծ է նաեւ ՀՀ իշխանութիւններու նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան վարած արտաքին ձախաւեր քաղաքականութեան ազդեցութիւնը, որ իր ողջ ընթացքով Արցախի հարցը փակելու թշնամի երկրի ջրաղացին ջուր թափեց եւ կը շարունակէ թափել:
Հայութիւնը, եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, չի կրնար հաշտուիլ այս պնդումին հետ:
Արցախի հարցը բաց պահելու բոլոր միջոցները պէտք է կիրառել եւ Արցախի վերադարձի պահանջատիրութեան կռուանները անընդհատ պէտք է ամրացնել:
Կարդացեք նաև
– Արցախի վերադարձի պահանջատիրութեան առաջին կռուանը արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ համախումբ պահելն է:
– Արցախահայութեան հաւաքական կամքը արտայայտող պետական օղակներու պահպանումն ու ամրապնդումը կարեւոր լծակ են պահանջատէր հայութեան պայքարին, միջազգային ատեաններու մէջ հաւաքական ու անվտանգութեան երաշխիքներով ամրագրուած վերադարձի մը համար:
– Պաքուի մէջ ընթացող Արցախի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան մէջ իրենց անուրանալի աւանդը ունեցած՝ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու այլ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը թշնամի երկրին կողմէ հայութեան պահանջատէր կամքը կոտրելու եւ Արցախի հարցը փակելու լկտի ճիգ է: Այս գծով ցուցաբերուած լռութիւնն ու անտարբերութիւնը ոչ միայն մարդկայնօրէն դատապարտելի է, այլ նաեւ ազգային իրաւունքներու նկատմամբ յանցաւոր կեցուածք: Որովհետեւ, անոնց ազատ արձակումը վերահաստատում մըն է հայ ժողովուրդի մղած պայքարի արդարացիութեան:
– Այսօր, Արցախեան պայքարի կիզակէտը կը հանդիսանայ հաւաքական երաշխաւորուած վերադարձի իրաւունքը:
ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: