«Գանձասար». Այսօր՝ 18 Մարտ 2025-ին, Դամասկոսէն առաջին օդանաւը վայրէջք կատարեց Հալէպ եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի միջազգային օդակայանին, ներկայութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ ալ-Ղուրէյպի, Սուրիոյ ապահովական գրասենեակի Դամասկոսի պատասխանատուին, Հալէպի մուֆթիին, օդակայանի տնօրէնութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, Ասորի Ուղղափառ եւ Յոյն Կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդներուն եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետի ներկայացուցիչին։
Այս առիթով Սուրիոյ Քաղաքացիական թռիչքներու վարչութեան տեղական և միջազգային յարաբերութիւններու տնօրէն Ալաա Սալալ SANA-ի թղթակիցին յայտնեց, որ օդակայանի վերաբանեցումը ոչ միայն տեքնիք գործընթաց է, այլեւ ռազմավարական քայլ, որ ուղղուած է աւելի քան 14 տարի երկրէն դուրս ապրած փախստականներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ առեւտրականներու եւ ձեռնարկատէրերու ներգրաւման, նկատի ունենալով որ Հալէպ ունի արդիւնաբերական հսկայ քաղաք մը ու զայն աշխուժացնելը առաջնային մարտահրաւէր կը համարուի։ Ան դիտել տուաւ, որ թռիչքներ պիտի յատկացուին նաեւ մարդասիրական օգնութեան և միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս ՄԱԿ-ի անձնակազմի տեղափոխման համար:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան խօսք առնելով քրիստոնեայ համայնքապետներուն անունով իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ շնորհաւորեց օդակայանի բացումը, մաղթելով որ այս յաղթանակը շարունակական ընթացք ունենայ տարբեր ոլորտներու մէջ։ Ապա դիտել տալով որ բացման արարողութիւնը կը զուգադիպի իսլամական եւ քրիստոնէական ծոմապահութեան օրերուն, մաղթեց, որ այս քայլը ընթացք ըլլայ Սուրիոյ ապահովութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման, որպէսզի ժողովուրդի բոլոր տարրերը ապրին խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ։
Կարդացեք նաև
Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ հայր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ հայր Արմէն Աբղ. Քալաճեան։