ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի շնորհաւորական նամակն՝ ուղղուած Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին
Vatican News. Այսօր կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան 12րդ տարեդարձը որուն առիթով աշխարհի ամէն վայրերէն բարեմաղթական պատգամներ ուղղուեցան ըլլայ շնորհաւորելու տարեդարձը եւ ըլլայ ու մանաւանդ շուտափոյթ առողջութիւն հայցելու Սրբազան Քահանայապետին։
Մաղթանքներու շարքին էր նաեւ ՀՀ նախագահ Տիար Վահագն Խաչատուրեանի շնորհաւորական նամակը որուն մէջ ան յայտնած էր իր «ամենաջերմ շնորհաւորանքները պապական գահ ընտրուելու տասներկուերորդ տարեդարձի կապակցութեամբ», ապա մաղթած է «շուտափոյթ ապաքինում» միանալով այն աղօթքներուն, որոնք համայն աշխարհին մէջ կը բարձրանան Սրբազան Պապի առողջութեան համար։
«Մենք կը ցանկանանք վերահաստատել Հայաստանի յանձնառութիւնը սերտ պատմական կապերու, ընդհանուր արժէքներու և հոգևոր ու մշակութային ժառանգութեան վրայ հիմնուած միջպետական յարաբերութիւններու զարգացմանն ու խորացմանը» գրած է ՀՀ նախագահը երախտագիտութիւն յայտնելով Սրբազան Պապին «խաղաղութեան պատգամներուն համար, որ Ան ուղղեց հայ ժողովրդին»։
Կարդացեք նաև
«Աշխարհի մէջ պատերազմներու և բռնութիւններու սաստկացման առջև մենք պէտք է առաւել քան երբևէ ականջալուր ըլլանք Ձեր կոչերուն յանուն արդարութեան, համերաշխութեան և ժողովուրդներու միջև հաշտութեան» հաստատած է Նախագահ Խաչատուրեան համոզում արտայայտելով որ «Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նուիրեալ և վեհ առաքելութիւնը իր ներդրումը պիտի ունենայ համընդհանուր խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ»։
Ռոպէր Աթթարեան