Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սիւրոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու անվտանգութիւնը պէտք չէ անտեսուի. Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքարան

Մարտ 11,2025 15:00

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Երբ ականատես կ’ըլլանք Սիւրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութեանց եւ աւերիչ հակամարտութեանց, մեր սիրտերը կը լեցուին խոր վշտով եւ մտահագութեամբ՝ բոլոր տառապողներուն համար։ Մասնաւորապէս մեզի կը յուզէ մեր Հայ քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու ծանր վիճակը, որոնք սերունդներ շարունակ ապրած են այդ հողին վրայ, ուր ապաստանած են 1915 թուականի սարսափելի Հայոց ցեղասպանութենէ ետք։ Սիւրիան եղած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներու տունը, որոնց ներկայութիւնը հոն քրիստոնեայ Հայի տոկունութեան եւ հաւատքի վկայութիւնն է։

Այսօր, Սիւրիոյ մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը դարձեալ վտանգուած է բռնութեան եւ քաոսի պատճառով, որը ցաւալիօրէն կը պատուհասէ տարածաշրջանը։ Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք ոչ միայն բոլոր անմեղ կեանքերու պաշտպանութեան, այլ յատկապէս այն հայերու համար, որոնք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի կենդանի վկաներն են։ Անոնք պարզապէս էթնիկ խումբ մը կամ հաւատացեալներու համայնք մը չեն, անոնք գոյատեւումի, հաստատակամութեան եւ արժանապատուութեան համար շարունակուող պայքարի սուրբ վկաներն են՝ ի դէմս ցեղասպանական հալածանքներու։

Սիւրիոյ մէջ գտնուող Հայերը, որոնցմէ շատեր կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, արդէն շատ դիմակայած են։ Անոնք վերակառուցած են իրենց կեանքը ցեղասպանութենէ ետք, ստեղծած են կենսունակ համայնքներ եւ առատօրէն նպաստած են Սիւրոյ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր կառուցուածքին։ Բայց եւ այնպէս անոնք այժմ կանգնած են իրենց կեանքին եւ ժառանգութեան սպառնացող վտանքի առջեւ։ Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակի տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ։

Կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն, մարդասիրական մարմիններուն եւ անհատներուն, անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ՍԻՒՐՈՅ ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ։ Այս համայնքները պարզապէս ազգային փոքրամասնութիւններ չեն, այլ Մերձաւոր Արեւելեքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան կենսական մասն են․ ներկայութիւն մը, որ գոյատեւած է դարեր շարունակ։ Սիւրոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու անվտանգութիւնը պէտք չէ անտեսուի կամ դիտարկուի որպէս երկրորդական խնդիր տարածաշրջանի քաղաքական տեղաշարժերու ֆոնին։

Թող Աստուած օրհնէ Հայ ժողովուրդը եւ Սիւրոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, եւ թող Անոր ողորմութիւնը խաղաղութիւն եւ պաշտպանութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին Սիւրիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Կ’աղօթենք այն օրուան համար, երբ փոքրամասնութիւն կազմող բոլոր քրիստոնեաները, անկախ իրենց դաւանանքէն, կը կարողանան ապրել իրենց համայնքներու մէջ ներդաշնակ եւ ապահով՝ առանց կրօնական հալածանքներու։

Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքարան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31