Լաթաքիոյ «Գանձասար»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Քաղաքի կեդրոնական մասը այսօր կայուն էր, բախումներ չկային, սակայն բնակչութիւնը բնակարաններէն դուրս չի գար, կրակոցներու ձայներ մերթ ընդ մերթ կը լսուին։ Կացութիւնը, ընդհանուր առմամբ, տակաւին մտահոգիչ է։
Անցնող օրերու արիւնալի դէպքերը, խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը վախի ու անապահովութեան մթնոլորտ ստեղծած են։
Ապահովական ուժեր տարածուած են քաղաքի կեդրոնական թաղամասերը, կը խուզարկեն անցնող մեքենաներն ու անցորդները, կանխելու նախատեսուող վտանգներ։
Դպրոցները ցարդ կը մնան փակ։ Բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տնտեսական դժուարութիւններ, որովհետեւ գործատեղիները չեն բանիր։ Ջուրի տագնապը կը շարունակուի։ Քաղաքին մէջ ջուրի բաշխման աշխատանքներ կը տարուին։
Կարդացեք նաև
«Գանձասար»