Քանի մը օրէ ի վեր, Լաթաքիոյ արուարձաններուն մէջ զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան երկրի ապահովական ուժերուն եւ ծովափի շրջանի զինեալներու միջեւ եւ այդ պատճառով ալ զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Իրավիճակը կը մնայ լարուած:
Տեղւոյն Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցին փակ պիտի պահէ իր դռները: Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանի հոգաբարձութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ դպրոցը փակ պիտի մնայ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: