«Գանձասար» – Օրեր շարունակ Սուրիոյ ծովափի շրջանին մէջ տեղի ունեցան բախումներ Սուրիոյ ապահովական ուժերուն եւ նախկին վարչակարգի զինեալ մնացորդներուն միջեւ։ Երկու կողմերէն ալ զոհեր արձանագրուեցան։
Բախումներու ընթացքին ոտնձգութիւններ արձանագրուեցան նաեւ խաղաղ բնակչութեան հանդէպ, որուն ի տես բողոքի ձայներ բարձրացան հասարակական ցանցերու վրայ։
Սուրիոյ նախագահութիւնը քաղաքացիական համերաշխութիւնը պահպանելու եւ երկրի ազգային բարձրագոյն շահերը պաշտպանելու համար ազգային անկախ մարմին մը կազմեց։ Մարմինը 6 Մարտէն սկսեալ ծովափի դէպքերը պիտի հետաքննէ, պատասխանատու կողմերն ու պատճառները ճշդէ, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ոճրային արարքներ եւ ապահովական ուժերուն նկատմամբ ոտնձգութիւններ իրագործողներն ու պետական ենթակառոյցներուն վրայ յարձակողները ճշդէ, որպէսզի զանոնք դատական մարմիններու յանձնուին։
Նշեալ մարմինը պիտի գործակցի տարբեր անհատներու եւ կազմակերպութիւններու հետ, ապա երեք շաբթուան ընթացքին իր պատրաստած թղթածրարը պիտի ներկայացնէ նախագահութեան։