ՔՊ-ականները կը յամառին ձեռնածալ մնալ եւ պատրաստ չեն պաշտպանելու Պաքուի մէջ ստորնացումի ենթարկուող հայորդիները, որոնց հետ կը վարկաբեկուին Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը: Վարչապետ Փաշինեան, իր «Խաղաղութեան խաչմերուկ» անհեթեթի թատրոնին մէջ գրեթէ մոռցած է Արցախն ու արցախահայութիւնը։ Իսկ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, իր անտրամաբանական եւ անխոհեմ արտայայտութիւններով, կը մեղադրէ արցախցին, թէ՝ պէտք էր մնային ու կռուէին, պայքարէին։ Ամիսներու պաշարումն ու դիմադրութիւնը դուրս ինկած են այս թքնողի յիշողութենէն: Ան մինչեւ իսկ հետեւողական չէ իր վերաբերմունքին մէջ: Օր մը կ’ըսէ, թէ Պաքու գտնուողները իրեն համար գոյութիւն չունին, հիմա ալ կ’աշխատի համոզել, թէ իրենք աշխատանք կը տանին, սակայն չեն ուզեր առնել քայլեր, որոնք վնաս հասցնեն գործին: Արդեօք Պաքու այս թատրոնը սարքելու ատեն, ՔՊ-ապետին ու «քալողներուն» կարծիքը առա՞ծ է, կամ թելադրա՞ծ՝ թէ ինչ պէտք է ընեն, ինչ՝ չընեն…
Միակ յիշատակելին՝ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի անվճռական եւ քիչ մըն ալ հպանցիկ յայտարարութիւններն էին, Ժընեւի մէջ կայացած՝ Մ․Ա․Կ․-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 55-րդ նիստին, եւ ապազինման համաժողովի բարձր ամպիոնէն:
Ան յայտնեց, թէ Պաքուի մէջ կ՚ընթանան կամայականօրէն ազատազրկուած 23 հայերու կեղծ դատավարութիւններ, որոնք դատական պատշաճ ձեւով չեն ընթանար, յստակօրէն կ՛անտեսուին մարդկային իրաւանց կենսական չափանիշերը։
Յետո՞յ. բուռն քննադատութեան փոխարէն, Միրզոյեան կրկին թմբկահարեց տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման «վարկած»-ը, խոր համոզում յայտնելով, թէ ներգրաւուածութիւնը եւ քաղաքական կամքի դրսեւորումը մեծապէս պիտի նպաստեն՝ տարածաշրջանին մէջ բանալու նոր էջ մը, նոր դարաշրջան մը։ Քիչ մըն ալ Լափալիսեան նշումներով՝ շեշտեց, թէ աշխարհը կը շարունակէ թատերաբեմ մնալ ահաւոր հակամարտութիւններու, բռնի ու սարսափելի տեղահանութիւններու եւ հիմնական իրաւունքներու խախտումներու, հետեւաբար, Մ․Ա․Կ․-ի մարդկային իրաւանց յենասիւնը ամրապնդելու հրամայականը շատ աւելի այժմէական դարձած է։
Կարդացեք նաև
Յետո՞յ: Միրզոյեան, քիչ մըն ալ աւելի հեռանալով Պաքուի դատարանին մէջ ստեղծուած ողբերգակատակերգութենէն, եզրակացուց, որ Հայաստան պատրաստ է դարձնելու թշնամանքի էջը, խաղաղութեան հասնելու համար: Հուսկ՝ «Մենք ոչ միայն պատրաստ ենք շարունակել խաղաղութեան ուղին, այլեւ պիտի չշեղինք անկէ»։ Եւ ասկէ դժուար չէ հետեւցնել, որ ան Ատրպէյճանի կ’ըսէ. «Դուն ի՛նչ կ’ուզես՝ ըրէ, մենք խաղաղութեան մեներգը պիտի երգենք դատարկ սրահներու մէջ»:
Իրական գետնի վրայ, թատերական դատը կը շարունակուի Պաքուի մէջ: Ազերիները կը շարունակեն իրենց սուտ ու փուտ տեղեկութիւններով՝ ափ-աշքարա ապատեղեկութիւն տարածել։ Պաքու մինչեւ իսկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակ նետեց, թէ՝ տեղւոյն մարդու իրաւունքներու պաշտպան ներկայացուցիչը մէկ առ մէկ հանդիպում ունեցած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն հետ, հաստատելով, թէ անոնք խտրականութեան կամ վատ վերաբերմունքի չեն արժանանար, թէ՝ բժշկական օգնութենէ չեն զրկուած, իսկ ամենեն ծիծաղելին՝ իրենց կեցութեան պայմաններէն գոհ են։ Հայաստանի մէջ, իշխանութիւններուն կողմէ անտեսուած եւ մինչեւ իսկ հետապնդումի ենթարկուղ արցախցիները, ներառեալ ղեկավարները, արդեօք չե՞ն մտածեր նման հոգածութիւն վայելելու ընտրանքով…
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում