ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«37 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ Պաքուի իշխանութիւնները կազմակերպեցին բռնութիւններ, սպանութիւններ եւ ջարդեր հայերու դէմ: Սումկայիթի մէջ ապրող հայերը սպաննուեցան պարզապէս, որովհետեւ հայ էին:
Հայերը բնաջնջելու Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը Սումկայիթով չբաւարարուեցաւ: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան Կիրովապատի, Պաքուի, Մարաղայի եւ Արցախի հայերը: 19 փետրուար 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի սպան կացինահարեց հայ սպան` իր քունին մէջ սպաննելով զայն: Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ Պաքուն գործեց ռազմական յանցագործութիւններ եւ Արցախի մէջ պատերազմ հրահրելով նախ շրջափակեց եւ ապա հայաթափեց շրջանը: Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի Արցախի մէջ հոգեւոր-մշակութային- քաղաքակրթական հայկական ժառանգութիւնը ջնջելով:
Պաքուի մէջ կը պահուին հայ գերիներ: Անոնց դատավարութիւնը Ազրպէյճանը կը շահագործէ ծածկելու համար իր գործած յանցագործութիւնները եւ նոյն մեղադրանքները բարդելու համար հայկական կողմին վրայ:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան հանրային կարծիքին սեփականութիւնը կը դարձնէ այս հանգամանքները` շեշտելով, որ Սումկայիթով սկսած եւ Արցախով վերջացած ցեղասպանական քաղաքականութեան համար Պաքուն պէտք է պատասխան տայ միջազգային արդարադատութեան:
Միջազգային ընտանիքը պէտք է անյապաղ ճնշումներ բանեցնէ ազատ արձակելու համար ֆիզիքական եւ հոգեկան չարչարանքներու ենթարկուող Արցախի գերիները»: