ԵՌԱԳՈՅՆ. Մարտ 1-ին, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Վանգուվըրի SUCCESS GALA ընդունելութեան։ S.U.C.C.E.S.S. Foundation-ը բարեսիրական հաստատութիւն է, որ կը նպատակադրէ նուիրահաւաքներու միջոցով բարելաւել Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի համայնքային կեանքը։
Ընդունելութեան ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներ Վաննէսա Յակոբեան, Վահէ Անտոնեան եւ Վահիկ Յակոբեան հանդիպում ունեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ, որուն հետ առանձնազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան հայ համայնքի գլխաւոր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիոյ կառավարութեան եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի համագործակցութեամբ իրագործուող ամենամեայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութեան կազմակերպման աշխատանքները։ Միաժամանակ, յանձնախումբի ներկայացուցիչները շեշտեցին Սումկայիթի եւ Պաքուի հայկական ջարդերու միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպճէյանի իշխանութիւններուն կողմէ 120,000 հայերու բռնի տեղահանումը իրենց պատմական հայրենիքէն եւ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութիւնը։ Պատուիրակութիւնը յատուկ շեշտաւորեցին Պաքուի մէջ ապօրինի բանտարկուած հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը։
Հայ դատի ներկայացուցիչները երկար քննարկում ունեցան Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Հարճիթ Սաճանի հետ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգին, ինչպէս նաեւ Պաքուի բանտերուն մէջ արգելփակուած հայ ռազմագերիներու հարցին։ Նախարարը ընդգծեց,
որ տարածաշրջանային կայունութիւնը Գանատայի առաջնահերթ մտահոգութիւններէն է։ Ան յիշեցուց, որ այս տարի G7-ի համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Ալպերթա նահանգին մէջ, եւ Գանատան մտադիր է հայ համայնքին կողմէ առաջադրուած շարք մը մտահոգութիւններ ընդգրկել օրակարգին մէջ։
Յանձնախումբի անդամները զրուցեցին նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի նախարարներ Թերի Եանկի եւ Մայք Ֆարնուըրդի հետ, իչպէս նաեւ Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորութեան ներկայացուցիչ Ուէնտի Քօքքիայի հետ։