Վատիկանի Պարտէզներու Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանին առջեւ աղօթք կատարուեցաւ վասն Սրբազան Պապի առողջութեան, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի լատինաց մօտ ծիսական տօնին առիթով։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Ով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի բարեխօս եղիր Սուրբ Պետրոսի յաջորդ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Անոր պարգեւէ ուժ, առողջութիւն, ապաքինում, որպէսզի կարողանայ շարունակել իր առաքելութիւնը, Աստուծոյ ժողովուրդին ի սպաս նուիրական ծառայութիւնը»։ Աղօթքն է այս որ բարձրացաւ Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ զետեղուած Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի ոտքին, հինգշաբթի 27 Փետրուար 2025ի կէսօրէն ետք ժամը երեքին այնտեղ կատարուած յատուկ աղօթքի մը ընթացքին, նուիրուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ապաքինման
Աղօթքը կազմակերպուած էր Հայոց Մեծ Սուրբի լատինաց մօտ Անոր ծիսական տօնին առիթով` որ Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով սահմանուած է յիշատակել ամէն տարուայ 27 Փետրուարին եւ ճիշտ այդ տօնին առիթով է, որ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանատունը, Դեսպան Պորիս Սահակեանի գլխաւորութեամբ եւ Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի մեծաւոր Հայր` Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վ. Գույումճեանի հանդիսապետութեամբ, ուզեց այդ օրը նուիրել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին որ անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց երկկողմանի թոքաբորբի եւ այլ առողջական հարցերու բերումով եւ որուն համար աշխարհի տարբեր վայրերու, եկեղեցիներու ու աղօթատեղիներու մէջ կը կազմակերպուին աղերսական աղօթքներ։
Աղօթքի այս արարողութեան ներկայ էր նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր Մայր` Մայր Արուսեակ Սաճոնեանը։
Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը հայերուս համար ունի Սուրբ Գրային հանգամանք: Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք Սուրբ Գիրքի կողքին ունի Նարեկը իբրեւ ժողովուրդի հոգեւոր սնունդ, որմէ յարատեւ կը ստանայ մեղքերու քաւութիւն նաեւ հիւանդներու բժշկութիւն: Եւ ահա այս միտումով` որ դիմուեցաւ Հայոց մեծ Սուրբին, հայցելով անոր բարեխօսութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի բուժման համար։
Կարդացեք նաև
«Փարատէ ցաւերը եւ բժշկէ հիւանդութիւնները քու ժողովուրդիդ եւ քու ծառայիդ Ֆրանչիսկոս Պապին, մեր Տէր Աստուած, եւ կատարեալ առողջութիւնը շնորհէ ամէնուն քու ամենայաղթ խաչովդ, որու շնորհիւ մարդկային ազգի տկարութիւնը ջնջեցիր եւ մեր կեանքի ու երկութեան թշնամին դատապարտեցիր։
Դուն ես մեր կեանք ու երկութիւնը, բարերար եւ բազումողորմ Աստուած, որ միայն ինքդ կարող ես մեղքերը թողուլ եւ հեռացնել ախտերն ու հիւանդութիւնները մեր մէջէն. Քեզի յայտնի են կարիքներուն պէտքերը. Բարիքներու տուիչ ըստ իւրաքանչիւրի պէտքերուն. Առատօրէն պարգեւէ ողորմութիւնդ քու արարածներուդ, որոնցմէ տեւապէս կը փառաւորուի եւ կը հովուի Ամենասուրբ Երրորդութիւնը այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս Ամէն»:
Սուրբ Աթոռի տեղեկատուական համակարգ