Յիշատակելի է, նաեւ, որ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով է ու նախագահութեամբ է որ, 2018-ի Ապրիլի 5-ին, Վատիկանի Այգիներուն մէջ զետեղուեցաւ Հայոց Մեծ Սուրբին, եւ այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նորահռչակ յիշատակելի Սուրբին, հայու ձեռքով քանդակուած արձանը – նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ – մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, հայազգի երեք Կաթողիկոսներուն եւ այլ պաշտօնական հայ թէ օտար անձնաւորութիւններու:
Նարեկացին գրականութիւն մշակելու նպատակով չէ գրած իր տաղերը, այլ արտայայտելու իր հոգեւոր ճախրանքն ու փնտռտուքը եւ իր ձգտումը` գտնելու զԱստուած իր անձին ընդմէջէն եւ ինքզինք գտնելու Աստուծոյ մէջ:
Նարեկացին իր կեանքի վերջալոյսին 1003-թուին գրեց իր գլուխ գործոց «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը:
Սոյն կոթողը 95-գլուխներէ բաղկացած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բանաստեղծական ոճով գրուած «ի խորոց սրտի խօսք» է` ուղղուած Աստուծոյ:
Կարդացեք նաև
Նարեկացին «Մատեան Ողբերգութեամբ» մեզի կը ներկայացնէ մարդու եւ յատկապէս իր մէջ եղած բախումը` չարին եւ բարիին, մարմինին եւ հոգիին, լոյսին եւ խաւարին, որոնք խորապէս կը տանջեն զինք` յառաջացնելով մարդկային ողբերգութիւնը:
Նարեկացիի աղօթքները ներմուծուած են մեր ծիսական արարողութիւններուն մէջ, եւ մինչեւ օրս անոնք կը գործածուին, որովհետեւ անոնց մէջ միացած են բարձր ոգեղինութիւնը, խորացած հաւատքը, կրօնական ուսմունքները եւ բարոյական սկզբունքները:
Եւ վերջապէս «Մատեան Ողբերգութեան»ը հայերուս համար ունի Սուրբ Գրային հանգամանք: Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք Սուրբ Գիրքի կողքին ունի Նարեկը իբրեւ ժողովուրդի հոգեւոր սնունդ, որմէ յարատեւ կը ստանայ մեղքերու քաւութիւն եւ հիւանդներու բժշկութիւն: «Նարեկի» բուժիչ զօրութիւնը շատ կարևոր են մեզի Հայ ժողովուրդիս համար, որ յաճախ այդ գիրքը կը գործածէ հիւանդներու բարձերուն տակ դնելով՝ այն վստահութեամբ` որ ան կարող է բուժել ոչ միայն հոգին, այլեւ մարմինը։
Գրիգոր Նարեկացիի ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր միայն Անոր բանաստեղծական և աստուածաբանական ժառանգութեամբ։ Ան նաև «միսթիք» էր, ու անոր գրութիւնները կ՛ արտացոլէին Աստուծոյ հետ մտերմութեան և աստուածային շնորհքի փափագը։ Անոր աղօթքները ցոյց կու տան մեղաւոր մարդու խոցելիութիւնն ու Աստուծոյ ողորմութեան ամենակարողութիւնը։
Նարեկացին հաշտութեան և միասնութեան քարոզիչը եղած է։
2015 թուականի Ապրիլ 12ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախագահած Սուրբ պատարագի ընթացքին որ նուիրուած էր նաեւ հայոց ցեղասպանութեան բիւրեղ նահատակներուն հարիւրամեակին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ՝ զայն դարձնելով պատմութեան մէջ 36 Տիեզերական Վարդապետը։