Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ ինկած է փաշինեանակերտ թակարդի մը մէջ (միակ բանը՝ որ կարող է տակաւին). մարդուկը քանի մը օր առաջ չունեցած խելապատիկէն հրապարակ նետեց նոր Հայաստանի իր գաղափարաբանութի՜ւնը, եւ ահա՝ տո՛ւր որ կու տաս՝ քննարկումներ, վերլուծումներ եւ դատարկաբանութիւնները ապացուցող հակադարձութիւններ:
Կը բաւէ միայն յիշեցնել եւ այդպէսով ալ փակել մեկնաբանութիւններու շարանը. «Ա՛յ մարդակերպ արարած. դուն չէի՞ր յայտարարողը, թէ քու գաղափարաբանութիւնդ՝ գաղափարաբանութիւն… չունենալ է: Հիմա ի՜նչ ելեր ես եւ չունեցած բաներուդ հիմամբ կը փորձես մարդիկ համոզել, մոլորեցնել»:
Իսկ եթէ պէտք է անպայման այս արարածին եւ իր խմբակիցներուն մէջ «գաղափարաբանութիւն» փնտռել, քանիցս փաստուածը այլապէս հետեւեալն է. «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, դուք ըսէ՛ք, մենք կ՛ընենք»:
Ս.ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կարդացեք նաև
«Ասպարեզ»