Vatican news. Այսօր կը լրանայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի երրորդ տարեդարձը որ մինչեւ օրս պատճառ դարձաւ սարսափելի տառապանքի, մահերու, կործանումներու ու նաեւ այնպիսի վէրքերու որոնք իրենց հետքերը պիտի ձգեն այս ու եկող սերունդներուն վրայ։ Տակաւին պաշտօնական թիւեր չկան զոհերու վերաբերեալ բայց անոնց թիւը իրապէս մեծ է։ Ըստ վերջին տուեալներուն եօթը միլիոն ուքրանացի հեռացած են երկրէն ու ապաստան գտած են հիւրընկալ երկիրներու մօտ իսկ աւելի քան չորս միլիոնը ներքին տեղահաններ են։
Ֆրանչիսկոս Պապին երէկ տարածուած պատգամին մէջ Ան պատերազմի այս ցաւալի տարելիցը նկատեց «ցաւալի և ամօթալի` ողջ մարդկութեան համար», հրաւիրելով «յիշել բոլոր զինուած հակամարտութիւններու զոհերը և աղօթել խաղաղութեան պարգեւին համար»։
Հակառակ` որ Նորին Սրբութիւնը կը գտնուի հիւանդանոցի մը անկողնին վրայ, ան ուզեց անգամ մը եւս բարձրացնել իր ձայնը եւ դատապարտել պատերազմին նենգութիւնները, «Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն» է, կրկնած է ու կը շարունակէ կրկնել Ան, եւ խաղաղութեան հասնելու համար կարիքը կայ երկխօսութեան ու բանակցութիւններու։
Հրատապ է այսօր լռեցնել զէնքերը ու հասնիլ խաղաղութեան համաձայնութեան մը։ Այս երեք տարիներու ընթացքին «խաղաղութիւն» բառը կարծես կորսնցուցած ըլլար իր արժէքը։ Այսօր կան փորձեր այդ ուղղութեամբ բայց միջազգային ընտանիքը պէտք է համախմբուի այդ փորձերուն շուրջ ու հասկնայ` որ ապագան կերտելու համար մարդկութիւնը կարիքը ունի խաղաղութեան, ու թէ այո՛ պատերազմը ոչ մէկ բան կը լուծէ, ընդհակառակը, ամէն ինչ կը բարդացնէ` մարդկութեան համար պարտութիւն է, ցաւալի և ամօթալի իրադարձութիւն է։
Ռոպէր Աթթարեան