«Յիմարութիւնը նոյն բանը կրկին ու կրկին փորձելն է եւ ակնկալել տարբեր արդիւնք»:
Ալպէրթ Այնշթայն (1879-1955)
Նախ հաստատենք, որ որեւէ երկրի սահմանադրութիւն քարացած բանաձեւ չէ, կրնայ ըստ կարիքի ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ կրել: Սակայն երբ աչքի առջեւ ունինք ՔՊ-ական մտածողութեան խմբավարին առաջադրանքները, Այնշթայնի վերոյիշեալ խօսքը լաւ յուշարար է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ ճիշդ ի՞նչ են դրդապատճառները՝ բանաձեւուելիք նէօ-սահմանադրութեան։ Այլ խօսքով, բարեփոխման հարցը, առանց հիմնաւորումի, կը դառնայ շինծու եւ «կնճռոտ» թղթածրար:
Յստակ է հայորդիին համար, թէ այս փոփոխութեան առաջարկը կու գայ Պաքուէն, իսկ գործադրութեան պարտականութիւն դրուած է 19 Բաղրամեանի ներկայ «խունթա»-ին ձեռքերուն մէջ։ Արդարեւ, 9 Նոյեմբեր, 202օ-ի դաժան յայտարարութիւնը ստորագրելէ ետք, Ատրպէյճան պահանջեց եւ դեռ ալ կը պահանջէ ամէն գնով վերատեսութեան ենթարկել Սահմանադրութիւնը, շարունակ պնդելով, թէ Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ կը յիշատակուի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման առաջադրանքը։ Կայ նաեւ թրքական «ներշնչում» մըն ալ, կապուած՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ մեր պահանջատիրութեան, որ այլապէս տիրական բաժին ունի Ատրպէյճանի դէմ բողոքները միջազգային ատեաններէ յետս կոչելու ՔՊ-ապետին պատրաստակամութեան մէջ:
Բռնապետ Ալիեւ ապագային գլխացաւ չ’ուզեր ունենալ. խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու, կամ ՔՊ-ականներու բանաձեւած «խաղաղութեան խաչմերուկ»ին համաձայն ըլլալու համար, հաստատ երաշխիքներ կ՛ուզէ ունենալ, որպէսզի դարձեալ Արցախի հարց չարծարծուի։
Կարդացեք նաև
Վարչապետը պաշտօնական եւ մտերմիկ բեմերէ բազմիցս յայտարարած էր, թէ «Նոր կերտուած Հայաստան»-ի ապագային համար, պէտք է (նախ քանդել Հայաստանը եւ իր բոլոր ազգային կառոյցները, ապա) յստակօրէն արձանագրել, թէ ո՛չ միայն հիմա, այլ նաեւ ապագային, Հայաստան որեւէ երկրէ տարածքային պահանջ պիտի չունենայ եւ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, որ խորքին մէջ ազգային անվտանգութեան բոլոր միջոցներէն ետքայլ կը նշանակէ:
Մէկ բան յստակ է. ներկայիս ի զօրու եղող սահմանադրութիւնը ոչ մէկ իրաւասութիւն կամ լիազօրութիւն կու տայ վարչապետին կամ կառավարութեան՝ միակողմանի եւ ինքնագլուխ կերպով միջազգային պայմանագիր որդեգրելու եւ գործադրելու, եւ դեռ աւելին սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնում իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին: Իշխանութեան իւրացումը որեւէ կազմակերպութեան կամ անհատի կողմից յանցագործութիւն է»: Մինչդեռ, ՔՊ-ապետն ու իր վարչախումբը կրկին ու կրկին ոտնատակ կ’ընեն ամէն օրէնք ու Սահմանադրութիւն, հետեւելով կարգ մը «մեծերու» նոյն գործելաձեւին: Սահմանադրութեա՛մբ իսկ իշխանութեան տէրը եղող ժողովուրդին իրաւունքն ու պարտականութիւնն է վերջ տալ այս անօրինական եւ այլանդակ կամայականութիւններուն:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում