Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ի՜նչ նոր սահմանադրութիւն, ի՜նչ ընտրութիւն, թուրք- ատրպէյճանական բազմայարկ պահանջներու ի՜նչ գոհացում․ «Ասպարեզ»

Փետրվար 23,2025 10:15

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Քաղաքական շրջանակներ ըստ բաւականին իրազեկ են. կը կատարուին իմաստալից վերլուծումներ ու մասնագիտական մօտեցումով քննարկումներ, որոնց դիմաց, սակայն, իշխանական շրջանակը կարծէք թէ շատ ալ տրամադիր չէ հրաժարելու հին(ցած) յանկերգներէ եւ այլապէս՝ տեղական դաշտին մէջ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծելու դիտաւորութիւններէն: Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ ու օրուան տարբեր ժամերուն, ՔՊական խմբակին պետն ու կողքին քալողները հին… նորութիւն մը կը նետեն հրապարակ, կրկին ու կրկին փաստելով, որ իրենց առաջին ու վերջին մտահոգութիւնն է ժողովուրդին – նաեւ Սփիւռքի հայութեան – ուշադրութիւնը շեղել իսկական հարցերէն ու մարտահրաւէրներէն, քողարկել իրենց կործանարար վարմունքը:

Եթէ անոնց յիշեցում կատարուի էական հարցերու մասին՝ անոնց հակազդեցութիւնը ունի հետեւեալ իմաստը. ի՜նչ Արցախ, Պաքուի մէջ ի՜նչ բանտարկեալներ ու պատանդներ, ի՜նչ սղութիւն ու ապրուստի պայմաններու դժուարացում, ի՜նչ Սիւնիքի եւ այլ սահմանային գօտիներու վտանգում, ի՜նչ Ցեղասպանութիւն, թուրք-ատրպէյճանցիին դէմ միջազգային ի՜նչ հետապնդում-պահանջատիրութիւն (ի՜նչ-երու շարքը կրնանք երկարել): Իրենց համար, կայ մէկ մտասեւեռում՝ ուղղակի կամ անուղղակի քայլերով պատրաստուիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, այդ նպատակով ալ հող պատրաստել, սկսելով տեղական ընտրութիւններու կալուածին մէջ:

Իշխանականներուն համար, մինչեւ իսկ երկրորդական են այն իրական փաստարկումները, թէ՝ իրենք բանիւ եւ գործով դարձած են թուրք- ատրպէյճանական ծրագիրներու գործակատարը (դարձեալ յիշեցնենք, որ իշխանապետը օր մը յայտարարեց, թէ ինք չի նեղանար, եթէ զինք թուրք որակեն…): Եւ ահա, դարձեալ հրապարակ կու գայ «նոր սահմանադրութիւն պիտի մշակենք»ի յանկերգով ու չնաշխարհի՜կ «տեսութիւններով», որոնց ատրպէյճանական թելադրանք ըլլալը փաստուած է կրկին ու կրկին: Այսօրուան օրակարգն է յաջորդ ընտրութիւններուն իրենց յարմար զգեստ մը ձեւաւորել-կարելու գործը: Եւ սա միակ «շեղող զբաղումը» չէ, որ կը նետուի ժողովուրդին գիրկը…

***

Իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները – սահմանադրութիւն «հնարելու» թէ այլ ճամբաներով – արեւու լոյսին չափ յստակ են: Յստակ չէ – եւ ահա հոն է մտահոգիչ գլխապտոյտը-, թէ ժողովուրդը ինչո՞ւ կը մերժէ տեսնել վնասարար ընթացքն ու զայն յամառօրէն շարունակելու, վերարտադրուելու իշխանաւորներուն ջլախտաւոր վազքը: Կ՛ուզեն վերարտադրուիլ՝ որպէսզի ի՞նչ. Արցախը նուիրեցին, սահմանամերձ հողամասեր նուիրեցին, ատրպէյճանցիներուն գրաւած (իրենց իսկ խոստովանութեամբ) տարածքներուն վերատիրանալու նպատակով որեւէ բան չընելու «վարպետի քաղաքականութիւնը» բաւարար չե՞ն, պէտք է անպայման ընդդիմադիրներուն զգուշացումները՝ Սիւնիքն ու այլ տարածքներ կորսնցնելու, աւելի, եւս կղզիանալու-կրճատուելու եւ ապրուստի պայմաններու նոր նահանջ իմաստով՝ իրականութի՞ւն դառնան, բանակէն մնացա՞ծն ալ «ասֆալթին փռուի», որպէսզի վաղն ալ օրօրեն այն քարոզչութեամբ, թէ այդ բոլորը նախկինները ըրած են, ա՛յն նախկինները՝ որոնց իշխանութեան ղեկէն հեռացումը շուտով եօթներորդ տարին պիտի բոլորէ…

Իշխանաւորներուն անատակութի՛ւնն ալ, թշնամիին լծակից ըլլա՛լն ալ յստակ է: Կան անյստակ այլ գիծեր: Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ընդդիմադիրները, որոնց հայրենապաշտպանութեան յանձնառութիւնը վեր է ամէն կասկածէ, չեն կրնար մէկդի դնել քողարկեալ – եւ ո՛չ հրատապ – տարակարծութիւնները, համախմբուիլ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՕՐԱԿԱՐԳի մը շուրջ, որպէսզի վերջ դնեն իրերայաջորդ անկումներու եւ կորուստներու շարանին: Ինչո՞ւ հրապարակ չի գար հայրենիքի փրկութեան լիարժէք ծրագիր մը, որ թօթափէ աշխարհը յուզող եւ գլխապտոյտ պատճառող ազդեցութիւնները, Հայաստանը վերադարձնէ մօտիկ եւ հեռաւոր գօտիներու մէջ ի յայտ եկող նորութիւններուն համընթաց նաւարկումի:

Կրկնենք. իշխանաւորները անատակ, չկամ եւ շատ ուրիշ բան են նման առաջադրանք իրականացնելու առումով, իրենք զիրենք հասցուցած են այնպիսի՛ կէտի մը, ուրկէ անկարող են ետդարձ ընելու, այնքա՛ն որ ամուր պատանդուած են դրսեցիներուն իրենց խոստացած յանձնառութիւններուն չուաններով: Հետեւաբար, դարձեալ կրկնենք. պատասխանատուութեան ծանրութիւնը կ՛իյնայ ընդդիմադիր ճակատին ուսերուն:

Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ կան մասնագէտներ, կարող ու ատակ մարդիկ, կազմակերպութիւններ ու հայրենիքի իրաւունքներուն հետամուտ ցանցեր, որոնց կարողականութեանց մէկտեղումը աւելի քան հրամայական է այսօր. փոխընտրանքը պիտի ըլլայ դուրս չգալ հանդիսատեսի կօշիկներէն, իսկ հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ իշխանաւորները շարունակեն իրենց էշերը յառաջ քշել ա՛յն «ճամբու քարտէս»ին հիմամբ, որ իրենց ձեռքը տրուած է Հայաստանը վերջնական զոհասեղանին վրայ դնել փորձողներու կողմէ:

Հայաստան – եւ ամբողջ հայութիւնը – կոչուած են կասեցնելու կորստաբեր ընթացքը, ընդդիմադիրներուն առաքելութեան մաս կը կազմէ բանալ ցարդ կոյր մնալ ուխտածներուն աչքերը եւ իշխանաւորներուն գործնապէս պատասխանել. ի՜նչ նոր սահմանադրութիւն, ի՜նչ ընտրութիւն, թուրք- ատրպէյճանական բազմայարկ պահանջներու ի՜նչ գոհացում…: Այդ բոլորին դիմաց, այսօր կայ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ եւ ԲՈԼՈՐ ՎՆԱՍՆԵՐԷՆ ԵՏԴԱՐՁԻ անյետաձգելի հրամայականը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728