Սուրիոյ մէջ, անցումային այս շրջանին, առկայ են մտահոգիչ երեւոյթներ, որոնք կը խանգարեն ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքի զաւակներուն անդորրութիւնը եւ լրջօրէն կը մտահոգեն զիրենք։
Առաջինը ներքին անապահովութիւնն է։ Երկրի ողջ տարածքին տակաւին վերջնականօրէն չէ կազմակերպուած ոստիկանական եւ ապահովական գրասենեակներու ամբողջական համակարգը։ Այս իրողութիւնը կ’օգտագործուի աւազակներու եւ անօրէնութեան դիմողներու կողմէ, որուն իբրեւ արդիւնք ստահակներու կողմէ մագլցող թափով տեղի կ’ունենան կողոպուտի տարաբնոյթ տեսակներ, առեւանգումներ եւ այլն։ Բնակարաններ, գրասենեակներ, աշխատանքի վայրեր գիշեր թէ ցերեկ անապահով կը մնան, հակառակ որոշ շրջաններու մէջ թաղային հսկողութեան կիրարկման, ապահովական սարքերու ամրապնդման եւ այլն։ Սուրիոյ յատկապէս մեծ քաղաքաները, սակայն, կը կարօտին ապահովական կազմակերպուած ու ծաւալուն աշխատանքի։
Դժբախտաբար 14 Փետրուարի բացուող առաւօտեան առաջին ժամերուն, Մունշիէ շրջանին մէջ գտնուող Ազգապատկան «Արարատ» շէնքը եւս, ուր կը գտնուի նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը, կողոպուտի ենթարկուեցաւ։ Շէնքի սեփական բոլոր դարմանատուներն ու գրասենեակները աւազակներու կողմէ թալանուեցան։ Նիւթական վնասները կարելի է մասամբ յաղթահարել, սակայն անապահովութիւնը շարունակուելու պարագային մտահոգիչ երեւոյթներու դուռ կրնայ բանալ։ Աւելին. բնականոն աշխատանքի ու կեանքի պայմանները առաւել եւս կը դժուարացնէ բնականաբար։ Ահա թէ ինչո՛ւ նոյնիսկ մշակութային թէ այլ ձեռնարկներ աշխոյժ թափով չեն կազմակերպուիր այս շրջանին, որովհետեւ մարդիկ կը խուսափին ուշ ժամերու փողոց ելլելէ։
Խմբագրականն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար»-ում