Vaticannews. Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական իրավիճակին մասին նոր տեղեկութիւններ փոխանցելով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը երեքշաբթի 18 փետրուարին երեկոյեան ժամը 7,30 ժամանակները հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց.
«Տարրալուծարանի հետաքննութիւնները, կրծքավանդակի շողանկարները եւ Սրբազան Պապին բժշկական վիճակը կը շարունակեն բարդ պատկեր ներկայացնել։ Բազմամանրէային վարակը, որ յառաջացած է ցնցղատապային ծանրաշունչ ցնցղատապի շրջագիծէն ներս եւ որ պահանջեց քորթիզոնի հակաբիոտիկ բուժական դարմանում, աւելիով կը բարդացնէ բուժման գործընթացը։ Կրծքավանդակի համակարգչային տոմոգրաֆիան, որուն ենթարկուեցաւ այսօր կէսօրէն ետք Սրբազան հայրը, որ առաջարկուած էր Վատիկանի առողջապահական խումբի և Fondazione Policlinico «A. Gemelli» հիմնարկի բժշկական անձնակազմի կողմէ , ցոյց տուաւ երկկողմանի թոքաբորբի սկիզբը, որ կը պահանջէ հետագայ դեղորայքային բուժական գործընթաց։ Հակառակ ասոր Ֆրանչիսկոս Պապը կը մնայ լաւ տրամադրութեամբ»։
Վազգէն Աբարդեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: