Մեր ժողովուրդի եւ Եկեղեցուոյ պատմութիւնը, ունի պատուաբեր սովորութիւններ, որոնցմէ գերագոյն արժէք ներկայացնողը՝ սրբադասելն է վասն հայրենիքի եւ հաւատի իրենց կեանքը նուիրած հերոսները:
Այդպէս է, որ սրբացուած են Վարդանանք, այդպէս է, որ սրբացուած եւ հայացուած են մեր եկեղեցիի շատ մը սուրբերը ինչպէս Ս. Յակոբն ու Ս. Սարգիսը:
Տարբեր հանգրուաններով կայացած Արցախեան պատերազմները մեզի համար աւելի քան պատերազմ են: Անոնք գոյամարտ են յանուն մեր ազգին. Կրօնքին ու հայրենիքին: Այդ պատերազմներուն մեր բոլոր նահատակները զոհուեցան գիտակցաբար եւ յանուն մայր հողին, նաեւ ինչպէս Վարդանանք ինկան, որ պարսիկը մեր եկեղեցիները չվերածեն ատրուշաններու, մերօրեայ հերոսներն ալ ինկան ջանալով փրկել մեր դարաւոր սուրբ եկեղեցիները, որպէսզի ազերիները զանոնք չվերածեն մզկիթներու…: Հետեւաբար արդար է, որ մեր հերոսներն ալ արժանանան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցուոյ բարձրագոյն կոչումին:
Իսկ թէ ինչո՞ւ պնդել այս գաղափարին վրայ: Ապա անոր պատճառը պարզ է ու ազնիւ: Մինչ, այդ քաջարի տղոց թիւին մասին կը խօսուի «բլուս-մինուսով» եւ մինչ ամէն առիթով մեր Հայրենիքը անարժանաբար իշխող խմբակը նոր արտայայտութեամբ մը հանդէս կու գայ վարկաբեկելու մեր նահատակները, կամ արժեզրկելու անոնց զոհաբերութիւնը: Մինչ նոյն այդ իշխանականները իրենց կիներով հանդերձ կը համարձակին մինչեւ իսկ յայտարարել, թէ անոնք ի զուր ինկան, ապա սրբադասումն է, որ պիտի փրկէ մեր նահատակներուն յիշատակը ամէն տեսակի արժեզրկումէ եւ ոտնակոխումէ: Անարժան մարդիկ աւելի քիչ պիտի համարձակին պղծել մեր նահատակներուն զոհողութիւններուն արժէքը:
Կարդացեք նաև
Վստահ եմ, ըսողներ պիտի ըլլան, թէ իշխանականներու լկտիութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ անոնք նոյնիսկ կասկածի տակ կ՛առնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առանց իսկ նկատի ունենալու մեր մէկուկէս միլիոնի նահատակութիւնն ու սրբադասումը, ապա մեզի կը մնայ ըսել, որ այդ պարագային ազգային եւ կրօնական գերագոյն պատասխանատուութիւնը պէտք է կրէ մեր Եկեղեցին չզլանալով յականէ անուանէ ՆԶՈՎԵԼ բոլոր անոնց, որոնք կը համարձակին ընտրել սրբապղծութիւնը:
Աւարտին պիտի յիշեմ, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը մեզի հետ ծունկ ծունկի լուսաբանելէ վերադարձած Լիբանանցի Արաբ լրագրող երիտասարդի մը՝ Ժորժ Աքուրիին արաբատառ մամուլին մէջ լոյս տեսած երկարապատում գրութեան վերջաբանը. «…Այսպէս աւարտեցինք մեր գործուղումը Արցախ ու Հայաստան, և մեր մտքին մէջ կայ ազատատենչ եւ քաջարի ժողովուրդի մը պատկերը: Կարելի չէ չգնահատել անոնց ճակատներուն վրայ դաջուած պայքարը՝ յանուն իրենց համոզմունքներուն՝ հաւատարիմ ըլլալու իրենց հողին եւ երկիւղածութեան հասնող յարգանք տածելու հանդէպ իրենց նահատակներուն:
Արժանի ըլլանք ապագայ մեր սերունդներուն եւ օտարազգի մեր բարեկամներուն մեր հանդէպ ունեցած ակնկալիքներուն ու յարգանքին:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ