ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ, ԱՆԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ
«Գանձասար». Այս օրերուն Հալէպի ապահովական վիճակը մտահոգիչ դարձած է՝ ոստիկանութեան եւ քաղաքի ապահովական համակարգի ցարդ անկազմակերպ ըլլալուն հետեւանքով։
Գրասենեակներու, բնակարաններու, ինքնաշարժներու կողոպուտ տեղի կ՚ունենայ օրական դրութեամբ։
Կողոպուտի ենթակայ դարձած է նաեւ Մունշիէ շրջանի ազգային «Արարատ» շէնքը իր բոլոր սեփական դարմանատուներով եւ գրասենեակներով, որոնց կարգին նաեւ «Գանձասար»-ի խմբագրատունը։
Ուստի հարկ է զգոյշ ըլլալ, գրասենեակներու, գործատեղիներու, բնակարաններու ապահովական անհրաժեշտ կարիքները կրկնապատկել եւ ուշ ժամերուն փողոց չմնալ։
Կարդացեք նաև