Ի՜նչ անհեթեթութիւն, նոյնինքն Հայաստանի վարչապետին պէտք է բացատրել պատմական անհերքելի ցնցումը ցեղասպանութեան, որ կը կոտտայ ամէն իրաւ հայու ներաշխարհին մէջ, թէ՛ Մեծ Եղեռնի հետեւանքով ստեղծուած Սփիւռքի, եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի։
Ահաւասիկ իշխանութիւն մը, որ հայ ժողովուրդի ջարդարարին, իսկ այժմ գիշեր-ցերեկ մեզ անարգողին, մեր չորս հազարամեայ պատմութեան վրայ գիծ քաշել սպառնացողին դիմաց՝ իր ստրուկի գլուխը ծռած՝ «Երկիրս կտրատեցի յանձնեցի քեզի, – կ՚ըսէ ,- Արարա՞տը կ՚ուզես՝ ա՛ռ։ Ոմանք սրբազան լեռ կը համարեն, ես մերը իսկ չեմ համարեր։ Վստահաբար մեր հերոսական Արծիւն ալ կ՚ուզես՝ մատա՜ղ քեզի։ Մեր Սահմանադրութիւնը անսահման սխալնե՞ր ունի՝ դո՛ւն սրբագրէ, իսկ «ազգային» բառը սի՞րտդ կը խառնէ, ան ալ կը հանենք մեր փառապսակէն։ Հայոց բանակի գոյութիւնը քեզ կ՚անհանգստացնէ՞, հոգ մի՛ընէր, տկարացուցեր եմ անոր բազուկը։ Եթէ կ՚ուզես մեր լեզուն ալ կը փոխենք – արդէն Արեւմտահայերէնը բարբառ է ըստ իս, Արեւելահայերէնը խառնածինի դիմագիծ ունի։ Քրիստոնէութիւնը սխալմամբ ընդունած ենք. մեր եւ ձեր Աստուածը նոյնն է, ձե՛րը կը պաշտենք։ Ի՛նչ կ՚ուզես՝ կ՚ընեմ Ալիեւ Փաշա, Էրտողան մեծաւոր, հրամեցէք, եկէք տունս ալ մտէք, մեր անեղծ Սեւանն ալ պղծեցէք, միայն թէ հետս մի՛ կռուիք։ Աթոռս ինծի պահեցէք։»
Որո՞ւն կ՚ըսէ .- Շնագայլի՛ն, որուն ատամները միշտ ալ անյագ ախորժակը ունեցած են հայն ու Հայաստանը իւրացնելու։
Իր երեւակայութեան ծնունդ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին Խաղաղութիւնը արդէն փախած է, որպէսզի չշարահահուի, նկարագիրը անաղարտ մնայ. որ սուտ ու անպարտաճանաչ եւ դաւաճան չհռչակուի։ Իսկ Խաչմերուկը ինքզինք տարտղնած է, որպէսզի իբրեւ խաչ չգործածուի։
Կարդացեք նաև
Մեր պատմութենէն, մեր հոգեբանական իրավիճակէն եւ ազգայնակեդրոն կիզակէտէն հեռու մնացող Վարչապետը օրէ օր աւելի՛ կը մեծցնէ այս մղձաւանջը։ Միաժամանակ հազարաւոր նահատակներու սիրելիներուն, Արցախէն տեղահանուածներու ցաւագին երեւոյթին, հայաթափման, ժողովուրդին հիասթափութեան, ռազմագերիներու, քաղաքական բանտարկեալներու անագորոյն ճակատագրին դիմաց՝ երկրէ երկիր կը շրջի շքախումբով ու կը ժպտի՜, մեր ոչնչացումը երազող թշնամիներուն հետ լայնաժպիտ կը նկարուի, իր դիմատետրի էջը յոխորտանքով կը զարդարէ իր լուսանկարներով, սուտ ու փուտ տեղեկութիւններով։
Ի՞նչ ընէ անճարակը – ցեղասպանութեան իրողութիւնը փուշի պէս կը խայթէ Փաշինեան- Ալիեւ- Էրտողան երրորդութիւնը։
Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում