Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր ազգը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, չի կրնար հանդուրժել նման ԱՊ-ԱԶԳ-ԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ եւ ընթացք․ «Հայրենիք»

Փետրվար 15,2025 10:20

Թէ՛ Ազգային բեմահարթակէն եւ թէ՛ ճեպազրոյցներու պահուն, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Սիմոնեան արտառոց յայտարարութիւններով կը փորձէ ծփալ, չանդրադառնալով, որ իր թիավարած մակոյկը արդէն… ընկղմած է։
Նորագոյն «փայլատակո՞ւմը». ան բիրտ կերպով, եւ անտեսելով դաժան իրականութիւնները, քննադատեց արցախահայութիւնն ու անոր ղեկավարութիւնը, թէ՝ չկրցան պայքար մղել, անձնատուր եղան եւ… փախուստ տուին իրենց հողէն։ Ան վստահաբար մոռցած է ո՛չ միայն երկարաշունչ պատմութիւնը, այլ նաեւ այն, որ ինք անձամբ յայտարարած էր, թէ Արցախի հարց գոյութիւն չունի Երեւանի համար, թէ Հայաստան վերջնականապէս ընդունած է Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Արցախը, որ ինք մի՛շտ Լեռնային Ղարաբաղ կը կոչէ, ինչպէս կ’ընեն ազերիներն ու թուրքերը…

Ան նմանապէս մոռցած է, թէ իր պոսն էր որ Արցախի բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն շա՜տ առաջ, եղած էր Հայաստանի իշխանութեան առաջին ղեկավարը, որ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ էր, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի եւ այդպէսով՝ «կանաչ լոյս» բացած էր Արցախի մնացեալ բաժինին շրջափակման, հեղձամահութեան տարուելուն եւ անոր վրայ վերջին յարձակումներուն… Սիմոնեան նաեւ անոնցմէ է, որոնք մինչեւ իսկ Արցախի իշխանութիւններու Հայաստան ներկայութեան մէջ վտանգ կը տեսնեն Հայաստանի ապահովութեան եւ ազգային անվտանգութեան: Այս բոլորը եթէ բաւարար չեն, ան յաճախ կը ցնդաբանէ, որ եթէ Արցախի իշխանութիւնները շարունակեն գործել՝ ապահովելու համար վերադարձը, Ատրպէյճան կրնայ բարկանալ ու արգելք ըլլալ ՔՊ-ականներու երազած «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրականացման: Կարծէք թէ Ատրպէյճան ո՛ւր որ է՝ պիտի ընդունի այդ ծրագիրը եւ միայն արցախցիք է որ արգելք կ’ըլլան խաղաղութեան իրականացման…

Եւ ի՜նչ. Ազգային Ժողովի նախագահը յայտնապէս մեծ հաճոյք կը զգայ նմանօրինակ «ազդեցիկ» ձաբռտուքներ նետելով։
Դարձեալ յիշեցնենք ու շեշտենք. Սիմոնեանի եւ իր ետին կանգնող վարչապետին ու գործակից իշխանաւորներուն համար, Արցախ պետութիւն գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, Արցախի նախագահ, Ազգային ժողով, կառավարութիւն, պետական պաշտօնէութիւն՝ պարզ ու մեկին՝ գոյութիւն չունին: Եղածներէն մաս մը բանտարկուած է ու անհիմն զրպարտութիւններով կը դատուի Պաքուի մէջ, ուրիշներ հալածանքի եւ հետապնդումներու ենթակայ են Երեւանի մէջ: Պաքու-Երեւան աղաղակող գործակցութիւն…

Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի մէկ պետութիւն, միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ իր կառավարութիւնը: Կարծէք թէ արցախցիք կամովին Հայաստան եկած են, նպատակ ունին իշխանութեան տիրանալ…: Սա, ինքնին, լուռ քարոզչութիւն է արցախցիներու դէմ, իրականութիւններու խեղաթիւրում եւ Արցախ հասկացութեան վարկաբեկո՛ւմ, ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս կը վրակաբեկուին բանակն ու ազգային բոլոր արժէքները…:

Բնականաբար հայը իրաւունք ունի հարց տալու. Նիկոլ Փաշինեան ե՞րբ է որ կը ստէր: Ա՞յն օր, երբ Ստեփանակերտի մէջ կոկորդը կը ճաթեցնէր գոռալով՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ե՞տք, թէ՞ այն հանգրուանի՝ երբ ընդունեց, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի, կամ՝ արցախեան հարցի արծարծումը սպառնալիք է Հայաստանի ինքնիշխանութեան։

Նիկոլ Փաշինեան, իր վերջին շրջապտոյտին, Ցիւրիխի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ փոքրաթիւ հայերու հետ, որոնք մեծ մասամբ յանձն առած էին «սփիւռքեան ուսապարկ»-ի եւ ծափահարողի պաշտօնը, ու կատարեց անհեթեթ վերլուծումներ, ի շարս որոնց՝ ու ամէնէն ընդվզեցնողը՝ թութակեց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ բերող թրքական «վարկածները»։ Նոյն առաքելութեան լծուած է Ալէն Սիմոնեան՝ ապականելով Ազգային Ժողովը եւ անոր կայքէջը։ Փաստօրէն, կայքէջին վրայ անոր արձանագրածը ո՛չ մէկ ձեւով կը հիմնաւորուի:
Մեր ազգը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, չի կրնար հանդուրժել նման ԱՊ-ԱԶԳ-ԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ եւ ընթացք, չի կրնար իշխանութեան վրայ պահել թշնամիին խօսքին ու գործին համընթաց քալող խմբակը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728