Վատիկան Նիուզ. Նարեկ սրբազան, «Խրատ»-ի խրուաթերէն հրատարակութեան խմբագիրներ՝ Փրոֆ. հայր Իւան Պոտրոզիչի եւ Դոկտ. Վինիցիէ Լուփիսի հետ այցելեց Սթոն, Տուպրովնիք եւ Սփլիթ քաղաքները եւ հոգեւորականներու, համալսարանի դասախօսներու ու ուսանողներու եւ մտաւորականներու ներկայութեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, վարքին, հոգեւորութեան եւ «Խրատ»-ին եզակիութեան մասին։ Խրուաթիայէն Հռոմ վերադարձին առիթը ունեցանք հանդիպելու եւ զրուցելու Նարեկ Սրբազանին հետ որ մեզի պատմեց իր առաքելութեան մանրամասնութիւնները։
Վատիկան Նիուզ. Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան 1–7 փետրուար 2025-ին Խրուաթիոյ մէջ մասնակցեցաւ իր գիրքին՝ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի – Խրատ ուղիղ հաւատքի եւ առաքինի մաքուր վարքի» խրուաթերէն թարգմանութեան առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն։
Նարեկ սրբազան, «Խրատ»-ի խրուաթերէն հրատարակութեան խմբագիրներ՝ Փրոֆ. հայր Իւան Պոտրոզիչի եւ Դոկտ. Վինիցիէ Լուփիսի հետ այցելեց Սթոն, Տուպրովնիք եւ Սփլիթ քաղաքները եւ հոգեւորականներու, համալսարանի դասախօսներու ու ուսանողներու եւ մտաւորականներու ներկայութեան դասախօսեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, վարքին, հոգեւորութեան եւ «Խրատ»-ին եզակիութեան մասին։
Կիրակի, 1 փետրուարին, Սթոնի մէջ, Նարեկ արքեպիսկոպոս ներկայ գտնուեցաւ հայազգի Ս. Վլաս հայրապետի տօնին նուիրուած կրօնական արարողութիւններուն եւ սուրբին մասունքը ի ձեռին՝ բազմամարդ թափօրը առաջնորդեց ու հաւատացեալները օրհնեց։
Կարդացեք նաև
Սրբազանը նաեւ ընդունուեցաւ Պապական նուիրակին, Թեմակալ եպիսկոպոսներուն, քաղաքապետերուն, համալսարաններու տեսուչներուն եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ատենապետներուն կողմէ, որոնց հետ զրուցեց հայ ու խրուաթական կապերուն եւ Հայ եկեղեցի ու Կաթողիկէ եկեղեցի յարաբերութիւններուն մասին՝ յատկապէս ծանրանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմերես առաքելութեան վրայ։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: