ՀՅԴ Արեւմտեան միացեալ նահանգներու շրջանի 59-րդ արտակարգ շրջանային ժողովի յայտարարութիւնը
«Ասպարեզ». Վերջերս, Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ազգակործան քայլերու շղթային օղակ մը եւս աւելցուց, երբ անպատասխանատու յայտարարութիւններով կասկածի տակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու եւ պատմագիտական հեղինակաւոր կառոյցներու կողմէ անժխտելի ճանաչումին արժանացած եւ արդար հատուցման սպասող Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ կը դրուի մեր սեփական հայրենիքի իշխանութիւնը գրաւած վարչապետ կոչեցեալին կողմէ:
Միւս կողմէ, Պաքուի ցեղասպան վարչակարգին կողմէ բեմականացուած «դատարաններու» մէջ կը շարունակուի Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատը, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն քար լռութեան տակ:
Աւելին, Հայաստանի յանցաւոր իշխանութիւնները Պաքուի ոճիրներուն դէմ դատական հայցերէն հրաժարելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն:
Կարդացեք նաև
Թշնամի պետութեան քաղաքական օրակարգին ծառայող այս քայլերը չէին կրնար ցասումի ալիք չբարձրացնել Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Այս հակազգային մօտեցումները ալեկոծած են հայրենիքի եւ հայութեան իրաւունքները պահանջող բոլոր հայկական շրջանակները:
Առ այդ, ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին գումարուած Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի արտակարգ Շրջանային ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը հարուածող եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի ցեղասպանական ծրագիրներուն նպաստող այս հակազգային քաղաքականութիւնը, որուն պատճառով Հայաստան կանգնած է ապահովութեան լրջագոյն սպառնալիքներու դէմ յանդիման։
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ոչ միայն կարողութիւնը չունին դիմագրաւելու ներկայի մարտահրաւէրները, այլ նաեւ իրենց «խաղաղութեան» կեղծ օրակարգով եւ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները ոտնակոխելով՝ առաւել եւս կը խորացնեն վտանգները եւ նորերը կը ստեղծեն հայ ժողովրդին համար։
Հետեւաբար, Շրջանային ժողովը համոզուած է, որ՝
– Անյետաձգելի պահանջ է հայրենիքի մէջ ազգային իշխանութեան ձեւաւորումը:
– Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ փոխհատուցման հարցը եւ Հայ Դատի հետապնդումը կը շարունակեն մնալ իբրեւ համազգային օրակարգ:
– Շրջանիս կուռ կազմակերպումը եւ արդիականացումը լծակներ են միջազգային բեմերու վրայ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:
– Հայ ինքնութեան պահպանումին կողքին՝ յանձնառու կը մնանք հայրենիքի օժանդակութեան եւ մեր կարողականութիւնը դէպի երկիր ուղղելուն:
Առ այդ, կը վերահաստատենք աննկուն կամքով պայքարելու մեր վճռականութիւնը՝ յանուն Հայաստանի, Արցախի եւ բովանդակ հայ ժողովրդի անսակարկելի իրաւունքներու ձեռքբերման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻ
59-ՐԴ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ